ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա», «Արմէնփրէս».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն ժողովին կողմէ նախագահական պաշտօնին առաջադրուած թեկնածուներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Արմէն Ռուստամեան Հոկտեմբեր 24ին հանդիպում ունեցան Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա համայնքի, իսկ 25ին Նոր Նորք համայնքի դաշնակցականներուն եւ համակիրներուն հետ:
Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան իրենց ելոյթներուն մէջ յայտնեցին, որ նման հանդիպումները պիտի ամբողջացնեն կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրները եւ զանոնք պիտի դարձնեն աւելի ժողովրդական:
Հանդիպումներու ընթացքին Վահան Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ «Դաշնակցութիւնն ընտրութիւններին գնալու է յստակ ծրագրով, եւ իւրաքանչիւր խնդրի լուծման իր տարբերակով»: Իսկ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց. «Մենք լուրջ ենք մտել այս պայքարի մէջ, որովհետեւ այլընտրանք չունենք»:
Հանդիպումներու ընթացքին ելոյթ ունեցողները ընդգծեցին, որ ընտրութիւններուն Դաշնակցութիւնը պէտք է մասնակցի առանց հակաքարոզչութեան եւ պատրաստ է գործակցելու բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ՝ յանուն արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու: