ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այժմ առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարարութեան կողմէ կը մշակուի զբօսաշրջութեան զարգացման նոր՝ 20-30 տարուան երկարաժամկէտ հայեցակարգ, որ մինչեւ տարեվերջ պիտի ներկայացուի կառավարութեան քննարկումին:
Այս մասին յայտնեց նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեան եւ նշեց, որ կազմուած է աշխատանքային խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած են նաեւ մասնաւոր հատուածի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:
Ըստ Ապրեսեանի, կառավարութեան կողմէ 2000ին ընդունուած հայեցակարգին մէջ ներառուած բոլոր խնդիրները կը կատարուին: Մասնաւորապէս, գնահատելով առկայ կարողութիւնները եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հեռանկարները, կատարելագործուած է իրաւական դաշտը, ինչպէս նաեւ սահմանուած եւ իրականացուած են այն քայլերը, որոնք ուղղուած են ոլորտի խնդիրներու լուծումին:
Մ. Ապրեսեան նշեց նաեւ, որ զբօսաշրջութեան ոլորտի համաշխարհային զարգացումներուն «համընթաց քայլելու եւ մրցունակ դառնալու համար մենք պէտք է վերանայենք եւ վերագնահատենք մեր հնարաւորութիւնները եւ ունենանք հեռահար ու յաւակնոտ ռազմավարութիւն»: