ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստան Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին անջրպետ արձակեց իր առաջին արբանեակը, որուն առաքելութիւնը պիտի ըլլայ լուսինը հետախուզել։ «Չանկ-1» կոչուած արբանեակը թռիչք առաւ Չինաստանի հարաւ-արեւմտեան Սիչուան նահանգի Զիչանկ կեդրոնէն։
Մասնագէտներ կ՚ըսեն, թէ ասիկա հիմնական քայլ մըն է մինչեւ 2020 թուական մարդ մը լուսին ուղարկելու Չինաստանի ծրագիրին մէջ։ Չինաստան Ճափոնի եւ Հնդկաստանի հետ մրցակցութեան մէջ է այս մարզին մէջ։ Ամսուան սկիզբը Ճափոն իր կարգին արբանեակ մը ուղարկած էր լուսին, իսկ Հնդկաստան կը ծրագրէ յառաջիկայ տարուան սկիզբը հոն արբանեակ մը ղրկել։
Չինաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանը սփռեց արբանեակին թռիչք առնելը։ Արբանեակը կոչուած է լուսին թռչած չինական աստուածուհիի մը անունով։
Կը նախատեսուի, որ արբանեակը լուսնի ծիրը մտնէ Նոյեմբերի սկիզբը եւ ամսուան ընթացքին սկսի լուսնի մակերեսի պատկերներ ուղարկել երկիր։
Ասիական երկիրներուն կողմէ իրենց անջրպետային ծրագիրները հետապնդելու ջանքերը վերջին տարիներուն ընթացքին աշխուժացած են։ 2003 թուականին Չինաստան առաջին ասիական պետութիւնը եղաւ, որ հրթիռ մը օգտագործեց աստղանաւորդ մը անջրպետ ուղարկելու։
Նկարին մէջ, հրթիռը կ’արձակուի Զիչանկի կեդրոնէն: