Դարձեալ Նափոլիի մէջ, տեղի ունեցող «Երկխօսութիւններ կրօններու եւ մշակոյթներու» խորագիրը կրող 21-23 Հոկտեմբեր 2007ին տեղի ունեցող համագումարի աշխատանքներուն առընթեր, Արամ Ա. կաթողիկոս ունեցաւ շարք մը կարեւոր հանդիպումներ:
Այսպէս, վեհափառ հայրապետը երկար հանդիպում մը ունեցաւ Քէնթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ռոուըն Ուլեըմզի հետ, որ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ Անթիլիաս այցելած էր: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջ-եկեղեցական հարցեր, եւ յատկապէս Անկլիքան եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ սկսած աստուածաբանական երկխօսութիւնը վերականգնելու կարելիութիւնները: Վեհափառ հայրապետը նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Գերման Աւետարանական եկեղեցիներու նախագահ Հիւպըր եպիսկոպոսին հետ: Այս վերջինը անգամ մը եւս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց, Պերլինի մէջ տեղի ունեցած համագումարին, վեհափառ հայրապետին դասախօսութեան համար: Ապա, ան հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելելու Գերմանիա:
Հանդիպումներու շարքին կ’արժէ նաեւ յիշել Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տիեզերական պատրիարքին հետ տեղի ունեցած հանդիպումը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին, Լուտերական եկեղեցիներու ընդհանուր քարտուղարին, ինչպէս նաեւ այլ կրօններու պատկանող բարձրաստիճան պատասխանատուներու, եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ հետ կայացած հանդիպումները:
Սոյն հանդիպումներու ընթացքին, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական հարցերու առընթեր, արծարծուեցան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի ենթայանձնախումբին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան գծով առնուած որոշումը, Լիբանանի կացութիւնը եւ այլ հարցեր: