ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա այցի երկրորդ օրը սկսաւ «Ալքաթէլ» ընկերութեան նախագահ Սերժ Չուրուքի հետ հանդիպումով: Քննարկման գլխաւոր թեման եղաւ «Ալքաթէլ» ընկերութեան գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Չուրուք պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ յաւելեալ ներդրումներ ընելու:
Նոյն օրը՝ Հոկտեմբեր 25ին, վարչապետ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիոնի հետ: Վերջինը գոհունակութեամբ մատնանշեց հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւնները՝ զանոնք որակելով «փայլուն»: Ան նշեց նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները եւս մեծ վերելք կ’ապրին, սակայն տակաւին չեն հասած այլ բնագաւառներու մակարդակին: Ան նկատեց, որ ժամանակակից Ֆրանսան հզօր տնտեսական հնարաւորութիւններ ունեցող եւ նորարարութիւններու ոլորտին մէջ աշխոյժ քաղաքականութիւն վարող երկիր է եւ կրնայ էական դերակատարութիւն ունենալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման մէջ:
Վարչապետ Սարգսեան խօսեցաւ երկկողմանի տնտեսական կապերու եւ Հայաստանի մէջ ֆրանսական դրամագլուխի տարէցտարի աճող ծաւալի մասին եւ ակնկալեց Ֆրանսայի վարչապետի օժանդակութիւնը՝ ֆրանսական նոր ընկերութիւններու Հայաստան մուտքը խրախուսելու մէջ: Ֆրանսայի վարչապետը խոստացաւ նոյն օրը համապատասխան յանձնարարականներ տալ պատկան կառոյցներուն՝ Հայաստանի վարչապետի առաջարկներու ուղղութեամբ անյապաղ աշխատանքներ սկսելու համար:
Երկու վարչապետները խօսեցան նաեւ կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեան հարցերու, ԼՂՀ հարցին, Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու եւ այլ հարցերու շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Սարգսեան իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը հրաւիրեց Հայաստան, ինչ որ վարչապետ Ֆիեոնի կողմէ ընդունուեցաւ պատրաստակամութեամբ:
Նոյն օրը վարչապետ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի իշխող՝ Համախմբում յանուն ժողովրդական շարժման կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փաթրիք Տեւէճեանի հետ:
Նոյն օրը վարչապետ Սարգսեան տեսակցեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ: Վարչապետը եւ Ֆրանսայի նախագահը քննեցին երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու լայն ծիր: Վարչապետ Սարգսեան վերահաստատեց Ֆրանսայի նախագահի Հայաստան այցի՝ հայկական կողմի հրաւէրը, զոր նախագահ Սարքոզի ընդունեց:
Անոնք խօսեցան նաեւ Փարիզի մէջ Հայաստանի մշակոյթի տուն եւ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի մշակոյթի տուն հիմնելու կարեւորութեան մասին: Երկուստեք նաեւ փափաք յայտնեցին աշխուժացնելու ռազմական ոլորտին մէջ հայ-ֆրանսական գործակցութիւնը: Խօսուեցաւ Հայաստանի մէջ հիւլէական ուժանիւթի զարգացման ծրագիրներուն մէջ ֆրանսական ընկերութիւններու մասնակցութեան հնարաւորութեան մասին եւս:
Խօսելով ԼՂ հարցին մասին, երկուստեք ընդգծուեցաւ, որ հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միմիայն խաղաղ բանակցութիւններով: Նախագահ Սարքոզին նշելով, որ Ֆրանսան կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներէն մէկը, աւելցուց, թէ այս հարցով իր դիրքորոշումը պիտի արտայայտէ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին, որուն այցը Ֆրանսա կը սպասուի յառաջիկայ Նոյեմբերին:
Հոկտեմբեր 26ին Ս. Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Շարլ Ազնաւուրի հետ: Այսօր, Հոկտեմբեր 27ին, վարչապետ Սարգսեան կը վերադառնայ Երեւան: