26 Նոյեմբեր 1900ին Լիլի մէջ ֆրանսացի ընկերվարական ղեկավար Ժիւլ Կիւեստէ կ՚աշխատէր հակառակ կողմին քայլերը վերծանելու. «Իրենք զիրենք բաժնեցին յառաջդիմական պուրժուականութեան եւ հանրապետական պուրժուականութեան, կղերական պուրժուականութեան եւ ազատամիտ պուրժուականութեան, եւ այլ ձեւով, որպէսզի անոնցմէ պարտուած թեւը կարենայ միշտ փոխարինուիլ իշխանութեան մէջ նոյն դասակարգին պատկանող եւ նոյնպէս մեզի թշնամի այլ թեւով մը։ Չուրը պահող միջնորմներով նաւակն է, որ կրնայ, մէկ կողմէն ջուր ներս առնելով հանդերձ, չընկղմիլ»:
Այդ օրերուն յեղափոխականներուն հակադրուած զանազան կողմերը իրապէ՞ս կատակերգութիւն կը խաղային, որպէսզի դերերու բաժանումով կարենան իրենց միջեւ բաժնել քաղաքական շուկան։ Ասիկա հաւանաբար չափազանցութիւն է, որ պուրժուական կուսակցութիւններուն կը վերագրէ իրենց ունեցածէն աւելի մաքիավէլեան կարողութիւններ։
Համաշխարհային Բ. պատերազմին յաջորդած երեք տասնամեակներուն ընթացքին, իսկական խոտորումներ եղան (փիլիսոփայական, քաղաքական, բայց նաեւ տնտեսական եւ ելեւմտական) քէյնզականներու, նոր ազատականներու եւ պահպանողականներու միջեւ։ Բառերուն եզրերուն սահմանումին, պատմական վերագրումներու եւ պատմական դէպքերու մեկնաբանութեան, նաեւ դրամի շուրջ տարակարծութիւններուն վրայ բարդուեցան այլ հարցեր: Փաստօրէն, այդ օրերուն, դրամագլուխին շահերը քիչ մը կրճատուեցան, եւ աշխատաւորի շահերը քիչ մը աւելցան։ Բայց այդ օրերէն ասդին երկիրներու մեծ մասին մէջ պատկերը շրջուեցաւ։ Այս նոր իրադրութիւնը կ՚ենթադրէ նախապէս փոփոխութիւնը ընկերային եւ միջազգային ուժերուն միջեւ գտնուող ուժերու յարաբերութեան, նաեւ փոփոխութիւնը՝ հանրային կարծիքին վրայ տիրող միտքերուն եւ զանոնք տարածելու ցանցերուն։
Նոր կացութիւնը ստեղծելու համար անհրաժշետ էր «կոտրտել» արհեստակցական միութիւններու ուժը, ազգային արտադրութիւններու պաշտպանութեան առեւտրական եւ ներածման արգելքները, եւ մանաւանդ՝ հանրութեան մէջ ստեղծել ու ամրապնդել «իւրաքանչիւրը իրեն համար» մշակոյթ մը, ուր կը ջնջուի եւ կ՚ոչնչանայ հաւաքականը։
Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է: Գործադո՞ւլ մը. պէտք է խզուի եւ խորտակուի, բայց «համաշխարհայնացումը» պէտք է կազմակերպուի եւ «անհատականութիւն» եզրին տակ թաքնուած եսակեդրոնութիւնը պէտք է քաջալերուի։ Ահա թէ ինչի՛ ծառայեցին «գործի ճկունութեան» եւ «նուազագոյն ծառայութեան» մասին օրէնքները՝ ազատ փոխանակման համաձայնութիւնները, ելեւմտական շուկաներու անկանոնութիւնը, ծանուցումներու ազդեցութեան աճն ու անոնց հաստատած տիրապետութիւնը, զանգուածային լրատուամիջոցներու վրայ հակակշիռին մէջ սակաւապետութիւնը, որոնց «մեկենասութիւնը» ընդգրկեց ուսումն ու մշակոյթը։ Գործարարական խաւին ենթակայ մտաւորականներու կողմէ փառաբանուած եւ համարձակութիւն առած, «աջակողմեանը այլեւս ամօթ չի զգար, որ աջակողմեան է»։ Աւելի՛ն. ան նոր սահմանումներ տուաւ՝ տնտեսական, մշակութային, նոյնիսկ երեւակայական սահմանումներ՝ ձեւացնելու համար, որ ան՝ «աջը», կ՚առաջնորդուի միայն այն առաջադրանքներով, որոնք օգտակար են, մինչ միւսները միմիայն գաղափարախօսութեամբ տարուած են։
Տակաւին, 1970ին բրիտանացի «Թորի»ները (պահպանողականները) հրապարակեցին այնպիսի «մանիֆեստ» մը, որուն ռազմավարական նշանակութեամբ թիրախներն ու հաւանականութիւնները ներկայիս իսկ խորհրդածել կու տան։
«Պահպանողական կուսակցութիւնը պէտք է կարենայ կառավարել այնպիսի ձեւով մը, որ մեր ժողովուրդը այնքան օգտուի ազատ ընկերութեան մէջ ազատ շուկայի առաւելութիւններէն, որպէսզի եթէ օր մը աշխատաւորականները կը յուսան, որ իշխանութեան վերադառնան, այդ վերադարձէն առաջ պէտք է դադրին ընկերվարական ըլլալէ», կ’ըսէր «մանիֆեստ»ը։
Այսօր, փաստօրէն, Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը իշխանութեան վրայ է, բայց դադրած է ընկերվարական ըլլալէ։
ԺԹ. դարու Իտալիան բեմ դարձած էր յեղափոխական փոփոխութիւններու, որոնց ընթացքին ազնուապետութիւնը ստիպուեցաւ ընդունիլ ձեւ մը, ուր՝ «ամէն ինչ կը փոխուի, որպէսզի ոչինչ փոխուի»։ «Պահպանողական վերականգնում»ներու ժամանակաշրջանը մօտ ատենէն պիտի յայտարարէ հակառակը. Գրեթէ ամէն ինչ պէտք է փոխուի, որպէսզի բան մը փոխուի… ։
Լոնտոնի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի նման քաղաքներ իրենք զիրենք վերածեցին հարուստներու համար «կէթօ»ներու. այնուհանդերձ, անոնք ձախակողմեան քաղաքապետներ կ՚ընտրեն։ Ասոր դիմաց Միացեալ Նահանգներու ամէնէն աղքատ շրջաններուն մէջ է (Միսիսիփի, Ուէսթ Վըրճինիա), որ նախագահ Ճորճ Պուշ ամենամեծ թիւով քուէները ապահովեց 2004ին։
«Ազգային ինքնութեան», «անապահովութեան» եւ գաղթականութեան թեմաներու անընդհատ կրկնութեամբ, նաեւ «աւանդական բարոյական արժէքներ»ու պահպանումին անհրաժեշտ դարձուցած «Աստուծոյ բանակներ»ու զօրաշարժով, հնաւոր դարձաւ աջին վերադարձը իշխանութեան։ Որքան սրին անհաւասարութիւնները, որքան խորանայ դասակարգերը իրարմէ բաժնող վիհը, այդքան է «աջը» իր եւ ուրիշներուն հայեացքները կը շեղէ այդ հարցերէն, եւ որպէս կեդրոնական յղում կ՚արծարծէ ու զանգուածներու ուշադրութեան առանցքը կը դարձնէ մշակութային, ազգագրական, կրօնական «ինքնութիւնները»։
Այս մօտեցումին օրինակն է պրն. Նիքոլա Սարքոզիի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Ես անոնցմէ եմ, որոնք կը մտածեն, թէ հոգեկան հարցերու կարեւորութիւնը շատ ստորագնահատուած էր ընկերային հարցերուն համեմատ»: Ինչպէ՞ս կարելի է հոս չմտածել այն ռազմավարութեան մասին, որուն միջոցով ամերիկեան Հանրապետական կուսակցութիւնը կրցաւ պառակտել ժողովրդական «համեստ» դասակարգը, որ աւելի անհամաձայն է բարոյական եւ կարգապահութեան հարցերուն շուրջ, քան միակամ՝ լաւ ամսական մը ապահովելու անհրաժեշտութեան շուրջ։ Այսպիսի գործելաձեւեր աւելի քիչ քաղաքական շահեր պիտի ապահովէին, եթէ «կառավարութեան մէջ գտնուող ձախ»ը իր ներդրումը չունենար ընկերային հարցերու անտեսումին եւ լուսանցքայնացումին մէջ։ Ասոր պատճառն այն է, որ «իշխող ձախ»ը սերտօրէն առնչուեցաւ «առանձնաշնորհեալներ»ու շահերուն հետ եւ անոնց կապուած դառնալով՝ անկարող եղաւ լրջօրէն վերաբերելու անհաւասարութիւններու հարցին հետ։
Ասոր հետեւանքներուն բոլորս ականատեսներ ենք. պրն. Կորտըն Պրաուան կրնայ շատ լաւ «10 Տաունինկ սթրիթ» բնակիլ, պրն. Պեռնար Քուշնէր՝ Քէյ Տ՚Օրսէյ, եւ պրն. Տոմինիք Սթրաուս-Քահն կրնայ ձգտիլ Միջազգային դրամական հիմնադրամին մէջ բարձրագոյն պաշտօնին. անոնց փառասիրութեան բաւարարութիւն տալու առաջին արդիւնքը այն է, որ «աջ»ին կու տայ այն ապահովութիւնը, պատրանքը, թէ իր «ազատական» նաւակը չ՚ընկղմիր։ Այս երեւոյթին ետին կանգնող տրամաբանութիւնն այն է, որ աջակողմեաններու իշխանութեան գլուխ հասնելու պահը ընդհանրապէս եղած է այն պահը, երբ այս տեսակի պատրանքը կը կուրցնէ իշխանաւորները եւ հող կը պատրաստէ իշխանափոխութեան։
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»