ԻՄԱՄՏԷՐԻ, Փաքիստան, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, հիւսիսային Փաքիստանի Սուաթ հովիտին մէջ հաստատուած իսլամ ծայրայեղական զինեալներու դէմ պայքարելու համար նոր ժամանած փաքիստանցի զինուորներ, ռազմական ուղղաթիռներու օժանդակութեամբ ընդհարումներ ունեցան զինեալներուն հետ, սպաննելով անոնցմէ առնուազն երեքը:
Հիվիտը կեդրոնատեղին դարձած է իսլամ ղեկավար Մաուլանա Ֆազլուլլայի հետեւորդներուն, որոնք «Թալեպան»ի գաղափարակիցներ կը նկատուին:
Անոնք ստանձնեցին Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած անձնասպանական արարքը, որ առնուազն 30 զոհ խլած էր, ներառեալ 20 փաքիստանցի զինուորներ:
Սուաթ հովիտը Փաքիստանի հիւսիս արեւմուտքը գտնուող Աֆղանիստանի սահմանամերձ նահանգ մըն է:
Ֆազլուլլա ձայնասփիւռը օգտագործած է շրջանի ժողովուրդը Փաքիստանի իշխանութեանց դէմ հրահրելու եւ սրբազան պատերազմի կոչեր կատարելու համար։
Ոստիկանական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Հինգշաբթի օրուան յարձակումին թիրախը զինամթերք փոխադրող զինուորական փոխադրակառք մըն էր:
Փաքիստանեան բանակը Երեքշաբթի օր յայտնեց, որ դէպի շրջան յաւելեալ 2500 զինուոր ուղարկուած է, անոնք ամբողջ Սուաթ շրջանի տարածքին անցարգելներ հաստատած են։
Հիւսիսարեւմտեան սահմանային շրջանի պատասխանատու աւագ նախարար Շամսուլ Մուլք յայտնեց, որ «զինուորներուն տեղակայումը կրնայ անհանգստացնել շրջանի ժողովուրդը, սակայն Սուաթի մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար կենսական է»։
Յուլիսին Սուաթի մէջ յարձակումի մը ընթացքին 10 փաքիստանցի զինուոր սպաննուած էր։ Այդ յարձակումը մաս կը կազմէր Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի Կարմիր մզկիթին մէջ փաքիստանեան ապահովական ուժերու կատարած ներխուժումի հակադարձութիւններուն։
Նկարին մէջ, Սուաթի մէջ նոր դիրքեր հաստատած փաքիստանցի զինուորներ: