Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին, կ.ե. ժամը 3-5, Էնսինոյի «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave.), տեղի պիտի ունենայ The Fatal Night հատորի ներկայացումը: Ցեղասպանութեան մատենաշարի երկրորդ հրատարակութիւնը հանդիսացող հատորը վերապրող Միքայէլ Շամտանճեանի վկայութիւններն են, անգլերէնի թարգմանուած Իշխան Ճինպաշեանի կողմէ: Հատորին հրատարակիչներն են Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները:
Գիրքին ներկայացումը կը հովանաւորեն Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտէն եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի գործակից կազմակերպութիւնները:
Օրուան հանդիսավարն է Նազարէթ Ծատուրեանը, իսկ գիրքը կը ներկայացնէ Արամ Գալուստեանը: Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ հեղինակ եւ «Լոս Անճելըս թայմզ»ի երկարամեայ աշխատակից Մարք Արաքս, իսկ գեղարուեստական յայտագրին պիտի մասնակցին Րաֆֆի եւ Հայբերդ Սարեանները:
Մուտք ազատ է: