ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ուաշինկթըն փոսթ» օրաթերթի Հոկտեմբեր 15ի համարին մէջ լոյս տեսած էր լրագրող Ֆրէտ Հայաթի հեղինակած յօդուածը Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի քննարկման վերաբերեալ, ուր ան կոչ ըրած էր ԱՄՆ Քոնկրէսին եւ Սփիւռքին՝ բանաձեւի ընդունման փոխարէն ճիգ թափել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան անբաւարար վիճակը (լրագրողի մեկնաբանութեամբ) սրբագրելու ուղղութեամբ, քանի որ, ըստ իրեն, Հայաստան այդ առումով ետ կը մնայ Թուրքիայէն:
Նոյն օրը, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան թերթին պատասխան յօդուած մը յղեց, որ լոյս տեսաւ օրաթերթի Հոկտեմբեր 24ի համարին մէջ:
Պատասխանին մէջ նշուած է, որ Ֆրէտ Հայաթի յօդուածը կը խեղաթիւրէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ կատարուած քննարկումները: Անցումային շրջանին Հայաստանի յաջողութիւնները ժողովրդավարական եւ տնտեսական զարգացման առումով օրինակելի են, իսկ անցման շրջանի մարտահրաւէրները, ի հարկէ, անկեղծ քննարկման համար փակ նիւթ չեն:
Դեսպան Մարգարեան ընդգծեց, որ հայկական Սփիւռքը ոչ միայն տնտեսական օգնութիւն կը տրամադրէ, այլ նաեւ անմիջական հետաքրքրութիւն ունի Հայաստանի խնդիրներուն նկատմամբ՝ ներառեալ բնապահպանութեան, քաղաքական ազատութիւններու եւ ապահովական հարցերու շուրջ: Սակայն այդ ամէնը երբեք չէ եղած Ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարելու հաշուին, ինչ որ բոլոր հայերու եւ ամբողջ մարդկութեան բարոյական պարտականութիւնն է: Առաւել, Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով յանգեցուցած է հոն, ուր Թուրքիա կը մերժէ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ, ինչ որ այլ ելք չի ձգեր, քան պատմական եւ ներկայի արդարութիւնը որոնել միջազգային ատեաններէ ներս:
Թաթուլ Մարգարեանը գրեց, որ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման անցումային շրջանը իր աւարտին հասած չըլլալը չի նշանակեր, որ Հայաստան պէտք չէ դատապարտէ մարդկութեան հանդէպ յանցագործութիւնները, յատկապէս Եղեռնը, որու հետեւանքով 1.5 միլիոն հայեր բնաջնջուած են՝ կորսնցնելով պատմական հայրենիքը եւ հազարամեակներու մշակութային ժառանգութիւնը: Դեսպանը նշեց նաեւ, որ յօդուածի հեղինակի փորձը՝ նոյն նժարին վրայ դնել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Եղեռնը եւ Հայաստանի անցումային շրջանի խնդիրները, նուազագոյնը ապակողմնորոշիչ է, եթէ ոչ աւելին: