2007 Յունուար 1ին լրացաւ ֆրանսահայ տաղանդաւոր գեղանկարիչ, հայ արդի նկարչութեան կարկառուն դէմքերէն Գառզուի (Գառնիկ Զուլումեան) ծննդեան 100ամեակը: Այս առիթով, Լա Քանիատայի մէջ տասնամեակէ ի վեր գործող «Սթեֆընիզ» ցուցասրահի տնօրէնուհին՝ Լինտա Ստեփանեան, Գառզուին զաւկին՝ ֆրանսաբնակ Ժան Մարի Գառզուի աջակցութեամբ կազմակերպած է նկարիչի գեղանկարներու ցուցահանդէս: Ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբեր 2007ին, կէսօրէ յետոյ ժամը 6:30ին: Ցուցահանդէսի մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ասպարէզ»ի խմբագրատուն հրաւիրուած էր Լինտա Ստեփանեան:
Լինտա եւ Սեբոն Ստեփանեանները 1981ին հաստատուած են Ամերիկա եւ Լա Քանիատա քաղաքին մէջ 1998ին հիմնած «Սթեֆընիզ» ցուցասրահը: Ստեփանեան ամոլը բացառիկ սէր ունի արուեստի նկատմամբ եւ իրենց հիմնական նպատակն է հայ եւ մանաւանդ օտար արուեստասէրներուն ծանօթացնել հայկական արուեստը: Ահա այս նպատակով ալ, իրենց մնայուն ցուցասրահին կողքին, անոնք յաճախ կը մասնակցին Լաս Վեկասի, Փալմ Սփրինկզի եւ այլ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցող ցուցահանդէսներու: Ըստ տիկ. Լինտայի, ամերիկացի արուեստագէտները եւ արուեստասէրները միշտ ալ մեծ հետաքրքրութեամբ կը դիտեն եւ կը գնահատեն հայ նկարիչներու գործերը: Անցնող տասնամեակին «Սթեֆընիզ» ցուցասրահը ներկայացուցած է հայ գեղանկարչութեան մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցած նկարիչներ Ռուբէն Աբովեանի, Էտկար Շահինի, Բաբգէն Քոլոզեանի, Վաղարշակ Էլիբէկեանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու ցուցահանդէսները: Ցուցասրահին մէջ մնայուն ներկայութիւն են Ժանսէմը, Էտկար Շահինը եւ Գառզուն: Դեկտեմբերին ծրագրուած է կազմակերպել լիբանանահայ մեծանուն նկարիչ Փօլ Կիրակոսեանի զաւկին՝ Ժան Փօլ Կիրակոսեանի գործերու ցուցադրութիւնը: 2008 թուականին պիտի ներկայացուին Ժանսէմի գործերը:
Մեր այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ յատկապէս Գառզուի գործերու ցուցահանդէս նախաձեռնուեցաւ, տիկին Լինտան պատասխանեց, որ իրենք ուզեցին յատուկ շուքով նշել նկարչին 100ամեայ յոբելեանը եւ նաեւ արուեստասէրներուն ներկայացնել քանի մը քաթալոկային գործեր, զորս դիտելու եւ զմայլուելու առիթ յաճախ չ’ունենար արուեստասէր անձ մը: Ցուցադրուող մեծարժէք գործերէն են «Le Printemps» եւ «Le chateau vu du tapis vert» կտաւները:
Գառզուն՝ Գառնիկ Զուլումեան, ծնած է 1907ին, Հալէպ: 1918ին ընտանեօք փոխադրուած է Եգիպտոս, Գահիրէ: Հոն երկրորդական ուսում ստանալէ ետք 1924ին մեկնած է Ֆրանսա, ուր ճարտարապետութիւն ուսանել է յետոյ յաճախած է Մոնփառնասի նկարչական «ազատ ակադեմիաները»: 1929 թուականին արդէն Գառզուի «Ալքազարի հին պարտէզները» գործը առաջին մրցանակ կը շահի: Կը սկսի ճանաչումի եւ վերելքի շրջան մը հայազգի նկարիչին համար: Ան մաս կը կազմէ ֆրանսահայ նկարիչներու «Անի» միութեան, կը մասնակցի բազմաթիւ ցուցահանդէսներու: 1950ական թուականներուն Գառզուն արդէն մեծ անուն էր համաշխարհային կերպարուեստի մէջ: Անհատական ցուցահանդէսներ կ’ունենայ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ: 1955ին Թոքիոյի մէջ կ’արժանանայ «Մեծ մրցանակի»: Նշանաւոր են նաեւ Գառզուի թատերական ձեւաւորումները եւ գիրքերու նկարազարդումները: Գառզուն ձեւաւորած է Քոմետի Ֆրանսէզի եւ համաշխարհային հռչակ վայելող բազմաթիւ պալէներու եւ օփերաներու ներկայացումները: Համբաւաւոր նկարիչը պարգեւատրուած է Ֆրանսայի Պատուոյ եւ Արժանեաց շքանշաններով: Էլիոթի, Հեմինկուէյի, Ա. Մորուայի, Շէյքսփիրի, Ա. Ռէմպոյի, Իւնեսքոյի եւ այլ մեծերու գիրքերը հրատարակուած են Գառզուի ձեւաւորումներով: 1966 թուականին առաջին անգամ այցելած է Հայաստան, ուր ունեցած է բացառիկ ցուցահանդէս մը: Շուրջ 150 վիմագրութիւնները եւ գիրքերու ձեւաւորումները ամբողջութեամբ նուիրած է Հայաստանի պետական պատկերասրահին: Ամերիկա այցելած է 1959ին եւ 1972ին: 1977ին, Ժաք Շիրաք, այդ օրերուն Ֆրանսայի վարչապետը, անձամբ կը նախագահէ Գառզուի ցուցահանդէսի բացումին, Շաթօ տէ վալ Քորէզի մէջ: Նոյն տարին Գառզուն կ’արժանանայ Ֆրանսայի նախագահի կողմէ շնորհուող ազգային շքանշանին եւ կ’ընտրուի Գեղեցիկ արուեստներու ակադեմիայի անդամ: 1979ին կը դառնայ Ֆրանսական ինսթիթիւթի անդամ:
Գառզուն միշտ ձգտած է կատարելութեան հասցնել նկարչութեան մեծ աւանդները: Ան աշխատած է առանձին, իր օրերու վկան էր, երբեք չէր ազդուեր վաղանցուկ ձեւերէ եւ կը ներկայացնէր ժամանակակից արուեստի զարգացման իւրայատկութիւնն ու անհատականութիւնը: Գառզուի բնանկարները, տիպարները եւ թեմաները երազի եւ իրականութեան ծիրին մէջ կը դառնան: Հեռաւոր ծովափերու փլատակ դղեակները ցոյց կու տան անցեալի կարօտախտը եւ ապագայի տագնապը:
Հայազգի հանճարեղ նկարիչը իր մահկանացուն կը կնքէ 2000ին, իր կենդանութեան վայելելով համաշխարհային փառք եւ բարօրութիւն:
Նոյեմբեր 8ին բացուող ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ կարելի է ձեռք բերել՝ այցելելով www.stephaniesartgallery.com կայքը: