Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յառաջիկայ հանդիպումը, Կլէնտէյլի հանրային գրադարանի հովանավորութեամբ, պիտի կայանայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1ի երեկոյեան ժամը 7-9, գրադարանի սրահին մէջ, 222 East Harvard St, Glendale CA 91205։
Երաժշտագէտ, երգահան, գրող Հենրիկ Անասեանի ծննդեան 70ամեակի եւ երաժշտական ու գրական ստեղծագործական 50ամեակի յոբելեանի առիթով, պիտի կատարուի խմբավարին նոր հրատարակած «Վերջին հեքիաթը» գիրքի ողջունահանդէսը: Գրական զեկուցում պիտի ներկայացնէ տոքթ. Յարութիւն Սաղրեան։ Պիտի գործադրուի գրական-գեղարուեստական ծրագիր, գիրքի վաճառք, հիւրասիրութիւն։ Կը հրաւիրուի մշակութասէր հանրութիւնը։ Մուտքը ազատ է։