ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ, «Ռոյթըրզ».- «Հարաւի Քլինթըններ»ը կոչուող Արժանթինի առաջին ամոլը՝ նախագահ Նեսթոր Քիրչնըր եւ անոր կինը՝ Քրիսթինա Ֆերնանտէզ, դիրքերու փոքր փոփոխութիւն մը պիտի կատարեն, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին կայացած նախագահական ընտրութիւններէն ետք:
Արժանթինի առաջին կինը կրցաւ քուէներու հսկայ տարբերութեամբ մը նախագահ ընտրուիլ, մեծ մասամբ շնորհիւ իր ամուսնոյն տնտեսական քաղաքականութեան ապահոված յաջողութեանց, որու արդիւնքով ան պիտի ստանձնէ երկրին ղեկը:
Իշխող փերոնական կուսակցութիւնը նաեւ խորհրդարանական ընտրութեանց տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեց, իր հակակշռին տակ պահելով երկիրը:
Նկարին մէջ, Արժանթինի յաջորդ նախագահը կը տօնէ իր յաղթանակը: