ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ա-Ինֆօ».- Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Լեւան Թարխնիշւիլի եւ ԿԸՅ անդամ Գէորգի Արեշիծէ Հոկտեմբեր 26ին այցելեցին Սամցխէ-Չաւախք:
Ախալքալաքի մէջ անոնք հանդիպում ունեցան շրջանի ընտրական յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն հետ՝ ընտրողներու ցուցակները ստուգելու նպատակով:
Լեւան Թարխնիշւիլին նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն բնակչութեան հետ եւ անոնց ծանօթացուց ընտրական իրաւունքները: