ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակութեան հարցով Թուրքիա-Իրաք բանակցութեանց ձախողութենէն քանի մը օր ետք, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին յայտարարեց, թէ հիւսիսային Իրաքի մէջ թրքական լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը «աղէտալի հետեւանքներ» պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին համար, մինչ թրքական ուժերը Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ քիւրտ յեղափոխականերուն դէմ իրենց յարձակումները կը սաստկացնէին:
Զեպարի նաեւ գանգատեցաւ, թէ թրքական կողմը լրջութեամբ չի մօտենար տագնապը լուծելու նպատակով Իրաքի իշխանութեանց ներկայացուցած առաջարկներուն եւ «անիրապաշտ» համարեց Թուրքիոյ այն պահանջները, թէ Իրաքի իշխանութիւնները պէտք է ձերբակալեն ու Անգարայի յանձնեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարները:
Յայտնենք, թէ Թուրքիա խոստացած է Իրաքէն ներս զինուորական գործողութեան չդիմել մինչեւ Միացեալ Նահանգներու հետ յաւելեալ խորհրդակցութիւններ չունենայ: Այս ծիրէն ներս, պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայս Հինգշաբթի օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի հետ պիտի քննէ հարցը, իսկ Նոյեմբեր 5ին Էրտողան Սպիտակ տան մէջ նախագահ Ճորճ Պուշին հետ հանդիպումին ընթացքին հարցը օրակարգի պիտի բերէ: