ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի մեծագոյն բարեկարգչական կուսակցութիւնը քննադատեց նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի վարած քաղաքականութիւնը՝ յայտնելով, որ ան միջազգային յաւելեալ պատժամիջոցներու առջեւ դուռ կը բանայ:
Իրանեան իսլամական մասնակցութեան ճակատի ընդհանուր քարտուղար Մոհսէն Միրտամատի զգուշացուց, թէ նախագահին «ինքնագովութեան եւ յանկարծակի եւ լաւ չմտածուած որոշումները» կրնան պատճառ դառնալ «նոր պատժամիջոցներու եւ մինչեւ իսկ աւելի վտանգաւոր քայլերու»։
Միրտամատի նաեւ քննադատեց «անմիտ ճառերն ու վարուելակերպերը, որոնք բիրտ, ահազանգ պատճառող եւ արկածախնդիր Իրանի մը պատկերը կ՚արտացոլեն»։ Ակնարկելով Ահմատինեժատի «Իսրայէլը բնաջնջելու» եւ հրէական ողջակիզումը կասկածի տակ առնող յայտարարութիւններուն՝ ան ըսաւ, թէ ղեկավարները «երկրին շահերը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն չեղող հարցերու համար զոհելու» իրաւունք չունին։
Նախկին երեսփոխանը նաեւ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ ամէն գնով ճակատում մը կ՚ուզէ։ Կացութիւնը լուրջ է»։ Ան ըսաւ, թէ «առաջին օրէն իսկ մեր կարծիքը այն էր, թէ նախագահ Ահմատինեժատի կառավարութեան հիւլէական քաղաքականութիւնը սխալ է»։
Կուսակցութեան 10րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին կուսակցութեան շարք մը բարձրաստիճան անդամներ Թեհրանի հիւլէական օրակարգի հետեւանքներէն զգուշացնելով ձայնակցեցան Միրկամատիի։ Կուսակցութեան անդամ մը յայտնեց, որ «բանակցութեանց ընթացքին կացութեան վատթարացումէն խուսափելու համար պէտք է համաձայն ըլլանք իւրանիոմի հարստացումը ժամանակաւորապէս առկախելու»։
Միրտամատի նաեւ քննադատեց «քաղաքական գործիչներուն դէմ կիրարկուած ճնշումները եւ գրաքննութիւնը», ինչպէս նաեւ ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւնը։ Ան նաեւ անդրադարձաւ նախագահ Ահմատինեժատի վարած տնտեսական քաղաքականութեան՝ մասնաւորաբար սղաճի համեմատութեան, որ մօտեցած է 16 առ հարիւրի սահմանին։
Միրտամատի քննադատեց տնտեսական աճի անկումը։ Ան նշեց, որ հակառակ քարիւղի մարզէն ապահովուած աննախադէպ եկամուտներուն, երկրին մէջ անգործներուն թիւը բարձրացած է երեք միլիոնի։
Բարեկարգչական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովը կը կանխէ Մարտ 2008ին նախատեսուած Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւնները։ 2004 թուականին բարեկարգչականները խորհրդարանին մէջ աթոռներու մեծամասնութիւնը զիջեցան պահպանողականներուն։