ՔԱՈՒՆԱՍ, «Նոյեան Տապան».- Քաունասի (Լիթուանիա) մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլիստներու ախոյեանութեան զտումի խմբային մրցաշարքի Հոկտեմբեր 25ի վերջին մրցումին, Հայաստանի հաւաքականը 0-0 արդիւնքով հաւասարեցաւ Լեհաստանի կազմին հետ: Լիթուանիոյ, Հայաստանի եւ Լեհաստանի կազմերը ունին 5ական կէտ: 3 կօլ արձանագրող լիթուանացիները գրաւեցին առաջին դիրքը, իսկ 2 կօլով 2րդ դիրքը գրաւեց Հայաստանի կազմը, որ նոյնպէս անցաւ 2րդ փուլ: