ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովի յանձնաժողովներուն մէջ Հոկտեմբեր 30ին շարունակուեցան 2008ի պետական ամավարկի օրինագիծի քննարկումները, ուր ներկայացուեցան պետական, տեղական ինքնակառավարման եւ դատական մարմիններու 2008ի յատկացումները: Կը նախատեսուի զգալի չափով բարձրացնել պետական պաշտօնէութեան վճարումները:
Ըստ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան փոխնախարար Փաւէլ Սաֆարեանին, պետական կառավարման համակարգի պահպանման ծախսերու համար յատկացուած է 44.3 միլիառ դրամ, որ 400 միլիոն դրամով կը գերազանցէ 2007ի մակարդակը: Սակայն նշուած ծախսերու տեսակարար կշիռը ՀՆԱի (համախառն ներքին արտադրութիւն) մէջ նուազած է. եթէ 2007ին կազմած էր ՀՆԱի 1.5 տոկոսը, ապա 2008ին՝ 1.26 տոկոսը:
Պետական կառավարման համակարգի պահպանման յատկացուած ընդհանուր 44.3 միլիառ դրամէն 24.5 միլիառ դրամը կը նախատեսուի տրամադրել աշխատվարձերուն: Բարձրացուած են պետական պաշտօնեաներու աշխատավարձերը, որոնց միջին աշխատավարձը 2007ի 106 հազար դրամէն 2008ին պիտի դառնայ 123 հազար դրամ:
Շուրջ 20 տոկոսով բարձրացուած են նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներու աշխատավարձերը, որոնց միջին աշխատավարձը պիտի ըլլայ շուրջ 200 հազար դրամ:
Իսկ դատախազութեան աշխատակիցներու միջին աշխատավարձը պիտի կազմէ 245 հազար դրամ՝ ներկայիս 119 հազար դրամի դիմաց:
Օրէնսդիր, գործադիր, տեղական ինքնակառավարման եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներուն մէջ բաւարար համարեցին 2008ի յատկացուած ֆինանսաւորումը:
ԱԺ յանձնաժողովներուն կողմէ 2008ի ամավարկի քննարկումները պիտի շարունակուին մինչեւ Նոյեմբեր 2: