ԳԱՀԻՐԷ, ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին, Եգիպտոս այցելող Լիբանանի «Մուսթաքպալ» հոսանքին ղեկավար Սաատ Հարիրի նախագահ Հոսնի Մուպարաքի հետ խորհրդակցութիւններէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութիւնները կը հետախուզեն այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ զինուորական ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ Ասէֆ Շաուքաթի գլխաւորութեամբ ծրագիր մը մշակուած է, զինք եւ Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորան սպաննելու նպատակով:
Հարիրի շեշտեց, թէ այս ամբաստանութեանց մասին յստակ փաստեր գոյութիւն ունին, սակայն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չբացայայտեց: Յայտնենք, թէ Շաուքաթ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աներձագն է:
Միւս կողմէ, ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» լրատուական ցանցին յայտնած է, թէ Լիբանանի կառավարութեան ընդդիմութեան ղեկավար զօր. Միշէլ Աուն Փարիզ մեկնած է Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում մը ունենալու համար։ Շատ հաւանական է, որ անոնք նաեւ հանդիպում ունենան Ֆրանսայի նախագահին հետ։
Նաեւ, ֆրանսական աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին Երեքշաբթի օր հաղորդած է, թէ սուրիացիները Երկուշաբթի օր Դամասկոս այցելած ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Քլոտ Քուսրանի յայտնած են, թէ պատրաստ են Լիբանանի հետ դեսպաններ փոխանակելու, եւ այդ նպատակով ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին նամակ մը յղած են արդէն։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլէմ յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրի յատուկ պատուիրակ Քուսրանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննուած են լիբանանեան թղթածրարը, սուրիական-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ մէջ Իրաքի հարցով տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին ընթացքին Մոալլէմ-Քուշնէր հանդիպումին նախապատրաստական աշխատանքները։
Ակնարկելով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող քննարկումներուն՝ Մոալլէմ յայտնեց, որ սուրիական եւ ֆրանսական կեցուածքներն ու տեսակէտները նոյնն են։
«Մենք յոյս յայտնեցինք, որ Լիբանանի համար ընտրուի համախոհական նախագահ մը, սակայն անոնք յստակ թեկնածուներ չունին այդ դիրքին համար։ Այդ թղթածրարին լուծումը պէտք է ըլլայ լիբանանեան, առանց արտաքին եւ օտար միջամտութիւններու», ըսաւ Մոալլէմ։
Յատկանշական է, որ Երկուշաբթի օր Դամասկոս կը գտնուէր նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշեհր Մոթթաքի: Սուրիոյ նախագահ Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մոթթաքի ըսաւ, թէ հանդիպումին ընթացքին քննուած են Սուրիոյ նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած Կասպից ծովը եզերող երկիրներու գերաստիճանը, հիւսիսային Իրաքի զարգացումները, Պոլսոյ մէջ Իրաքի դրացի երկիրներու յառաջիկայ ժողովը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ պաղեստինեան հողամասերուն մէջ արձանագրուող ներկայ զարգացումները։
Մոալլէմ աւելցուց, թէ Դամասկոս եւ Թեհրան եւս համաձայն են, որ լիբանանցիները ընտրեն համախոհական նախագահ մը։