ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Պոլսահայ բանաաստեղծ Զարեհ Խրախունին Սփիւռքի այն բանաստեղծներից է, որը համարւում է «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» գրական շարժման անվիճելի առաջնորդ», Հոկտեմբեր 30ին այսպէս բնորոշեց Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունին, անոր «Տօնազանգ» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն ներկայացնելու ժամանակ:
Զ. Խրախունիի «Տօնազանգ» ժողովածուին մէջ ամփոփուած են 1964-2005 հրատարակուած բանաստեղծութիւններու 30 գիրքերը, բանաստեղծական երգերը, թարգմանութիւնները: «Ազգային կեանքի նորագոյն փոթորկալի ժամանակը իմաստաւորող հատորները՝ «Ուղիներ», «Ստուեր եւ արձագանգ», «Ազատերգութիւն», «Քար Հայաստանի», «Շեղբի վրայ ճարտարախաղ», «Դարապատում» եւ այլն, կը վկայեն անցեալ դարասկիզբի պոլսահայ բանաստեղծութեան աւանդութիւններուն հաւատարմութեան եւ հայոց նորօրեայ վերիվայրումներու հետ համաչափ ընթացող սրտի տրոփիւները», աւելցուց Լ. Անանեանը եւ նշեց, որ Խրախունին կրցաւ իր ստեղծած գրական հոսանքի շերտերը պեղել եւ կարողացաւ թօթափել բառի առօրեական արժէքը՝ իրերուն տալով նոր արժէք:
«Զ. Խրախունին Դանիէլ Վարուժանից ժառանգել է գրական մտածողութեան շերտերը: Նրա բանաստեղծութիւնում բառախաղի խտութիւնն է շատ բարձր: Նրա ստեղծագործութիւնները շատ դժուար է ընկալել, սակայն այն ինչ իւրացւում է՝ այլեւս ամբողջական է եւ մէկընդմիշտ տրուած: Պէտք է ցաւով նշել, որ իսկապէս այսօր գործ ունենք հսկայ բանաստեղծական դպրոցի մայրամուտի հետ», իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ «Սփիւռք» ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլան: Իսկ Ներսէս արք. Պոզապալեան, համամիտ ըլլալով Դանիէլեանի միտքին հետ, բոլորին յիշեցուց, որ իւրաքանչիւր մայրամուտէն յետոյ գոյութիւն ունի արեւածագ:
Զ. Խրախունին Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահութեան միաձայն որոշումով գրական վաստակի համար արժանացաւ Գրողներու միութեան նախագահութեան շքանշանին:
«Ֆ. Նանսեն» հիմնադրամի նախագահ Ֆելիքս Բախչինեան ընկերային, քաղաքական, մարդասիրական սկզբունքներու պահպանման պոլսահայ համայնքի գրամշակութային զարգացման համար ծաւալած արդիւնաւէտ գործունէութեան, հայ բանաստեղծութեան մէջ ձեռք բերած ստեղծագործական ակնառու նուաճումներուն համար Զ. Խրախունին պարգեւատրեց Նանսենի անուան ոսկէ շքանշանով: