ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Պուլկարիա կատարած պաշտօնական այցի երկրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 29ին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան հանդիպում ունեցաւ Պուլկարիոյ իր պաշտօնակից Իվայլօ Քալֆինի հետ: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները կարեւոր համարեցին երկկողմանի տնտեսական գործակցութեան զարգացումը:
Նախարար Օսկանեան յատուկ նշեց Պուլկարիոյ հետ գործակցութիւնը ԵՄի հետ ստորագրուած գործողութիւններու ծրագիրի պարունակով, իսկ պուլկարական կողմը կարեւոր համարեց ԵՄի ծիրէն ներս Սեւծովեան ներդաշնակեցումի նախաձեռնութեան զարգացումը, որ նոր հեռանկարներ կը բանայ տարածաշրջանային գործակցութիւնը խթանելու համար:
Նոյն օրը նախարար Օսկանեան ընդունուեցաւ Պուլկարիոյ նախագահ Գէորգի Փրւանովի կողմէ:
Հոկտեմբեր 30ին Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Քինկա Կեոնցի հրաւէրով, Վարդան Օսկանեան այցելեց Հունգարիա:
Նախարարներ Օսկանեանի եւ Կեոնցի հանդիպման ընթացքին, կողմերը անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ներկայ փուլին գործակցութեան հնարաւորութիւններուն: Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստան-ԵՄ քայլերու ծիրէն ներս Հունգարիոյ հետ գործակցութեան հնարաւորութիւնը:
Նախարարները քննեցին տնտեսական գործակցութեան աշխուժացման հնարաւորութիւնները՝ նշելով դեղագործութիւնը, տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, զբօսաշրջութիւնը՝ որպէս առաջնային ոլորտներ, ուր կայ գործակցութեան զգալի ներուժ:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում միջազգային խնդիրներու, տարածաշրջանային զարգացումներու, հարեւան պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Հունգարացի նախարարը ներկայացուց իր երկրի դիրքորոշումը Քոսովոյի վերաբերեալ, իսկ նախարար Օսկանեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ գործընթացի վերջին զարգացումներու մանրամասնութիւնները:
Խօսելով 2004ին Ատրպէյճանի բանակի սպայի կողմէ հայ սպայի նկատմամբ կատարուած ոճրագործութեան մասին՝ նախարար Օսկանեան իր գոհունակութիւնը արտայայտեց Հունգարիոյ դատական համակարգի կողմէն ընդունուած արդար որոշումներուն եւ յայտնեց, որ Հայաստանի համար անընդունելի են Ատրպէյճանի կողմէ պահանջները՝ ոճրագործը Ատրպէյճան փոխանցելու վերաբերեալ: