Հրատարակութեան բնոյթը չէ, ոչ ալ ծաւալը, որ ընթացիկ տքնաջան գրախօսականի մը փորձութենէն հեռու պիտի պահէր անոր ներկայացման ձգտող ոեւէ գրիչ։
«Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համար» շարքի այս Ե. հատորը, որուն երեւումը վերջին տարիները անհամբեր կը սպասէին պատմութեան եւ գիտա-գաղափարական ոլորտներու հետաքրքիր անձեր՝ շարքային պատմաբան, շարքային դաշնակցական թէ շարքային հայ, այս գործը, ուրեմն, որքա՛ն ալ արխիւանիւթերու ժողովածու մը թուի՝ մասնագէտ-պատմաբանին սահմանուած, որքա՛ն ալ իր ծաւալով ու ծանրութեամբ ներշնչէ պատկառանք, ջլատի՛չ պատկառանք, օժտուած է անսպասելի, անհաւատալի կենդանութեամբ մը: Ա՛յս է առաւելաբար, որ կը խանգարէ, կը խախտէ՝ տեղեկատուական ներկայացումի մը ընկալեալ օրինաչափութիւնները, ընթերցող-գրախօսողին մօտ կը ստեղծէ խռովք մը՝ պատմական փաստաթուղթերու անդրաշխարհին համար լրիւ անսովոր, անյարիր…
Չափով մը հարկադրուած՝ ընթացիկ գրախօսումի այդ պարտքին, ներկայ տողերը հոս թող ունենան ուրեմն գոնէ չքմեղանքը՝ խոստովանելու իրենց անբաւարարութիւնը, անբաւարար հարազատութիւնը: Արդէն հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան կը շեշտէ «Նիւթեր»ու նախորդ հատորներու հետազօտիչ-խմբագիր Հրաչ Տասնապետեանի նուիրուած բացման էջով.- Դիւանական որոնումներու արգասիք եւ փաստաթուղթերու ժողովածու այս շարքը, ինչպէս հանգուցեալ մտաւորական ընկերոջ ողջ վաստակը, ի սկզբանէ առաջադրանք ունեցած է «ցայտուն կերպով երեւան բերել Դաշնակցութեան ու դաշնակցական տիպարին ամէնէն էական յատկանիշները»:
Արխիւանիւթերու հատորներու շարք մը յաճախ չէ, որ կրնայ ստանալ կենդանութեան, կենսատու կարողութեան այսպիսի բնորոշում…
«Նիւթեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան» հատորներու այս հինգերորդը կը սպառէ շարքի Գ. հատորով սկսած բաժինը՝ 4րդ Ընդհ. ժողովէն բխող կամ անոր առնչուող արխիւային փաստաթուղթերու պահեստը: Յիշեցնեմ, որ Գ. հատորը կու տար երկարատեւ (Փետրուար-Մայիս 1907) ու բախտորոշ այս ժողովին ատենագրութիւնները, անկէ բխած «Իննի յանձնաժողով»ին արձանագրութիւնները, ժողովի Որոշումներու գրքոյկը, Հ.Յ.Դ. նոր «Ծրագիր»ը, ապա եւ նոր «Կանոնագիր»ն ու վերամշակուած «Կազմակերպական կանոններ»ը: Չորրորդը կը բացուէր ժողովական այլեւայլ փաստաթուղթերով (լիազօրագրեր, նամակներ…), եւ կը շարունակուէր առաջին քանի մը շրջաններէ եկած՝ Շրջանային ժողովներէ եւ մարմիններէ բխած տեղեկագիրներով, ատենագրութիւններով եւ այլն: Ու կը նշէր միանգամայն, որ նիւթերու առատութեան պատճառով այլ շրջաններու փաստաթուղթերու մեծ քանակ մը կը մնար յաջորդ՝ 5րդ, այսինքն ներկայ հատորին:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի որոշումով ու յանձնարարութեամբ ստանձնելով Հ. Տասնապետեանի սկսած եւ գրեթէ երկու տասնամեակ վարած հետազօտական-խմբագրական աշխատանքը, հատորին խմբագիր Ե. Փամպուքեան տարած է մնացեալ նիւթի խմբագրում-հրատարակումի այս գործը, յաճախ տաժանելի եւ միշտ պատասխանատու, ներառեալ վերծանում-մեկնաբանութիւն, դասաւորում, լուսաբանական ծանօթագրումներ՝ տողաշարութեան սրբագրում եւ մասամբ նորին…: Մանաւանդ, յամառ հետազօտութեամբ, ան գտած եւ հատորին կցած է 4րդ Ընդհ. ժողովին վերաբերող, բայց զանազան պարագաներու բերմամբ Կեդրոնական արխիւի այլ թղթածրարներուն փոխադրուած կարեւոր նիւթեր, որոնց վերագիւտին յոյսը քանիցս բանաձեւած էր շարքի նախաձեռնող եւ նախորդ հատորներու խմբագիր Հ. Տասնապետեան՝ առանց ժամանակը ունենալու յաւելեալ այդ որոնումներուն…
Հետազօտական հաւաքումի այս աշխատանքը հատորին կու տայ նախորդներէն աւելի մեծ ծաւալ եւ զգալի այլազանութեամբ ու ճոխութեամբ բովանդակութիւն մը:
Գլուխներու թուագրումը կը շարունակէ Դ. հատորով սկսած թուագրումը, ուրեմն եւ կը սկսի Գլուխ XIV-ով: Տասնեակ գլուխներով, ինչպէս նախատեսուած էր սկզբնապէս, կը ներկայացուին մնացեալ կազմակերպական շրջաններու 1904-1907տարիներու նիւթերը, բոլորն ալ՝ անտիպ, եթէ բացառենք քանի մը վերատպումներ, որոնք կը տրամադրեն նորագիւտ աւելի ամբողջական պատճէններ: Փոխնիփոխ ճոխ կամ վտիտ՝ կը տրուին Ոսկանապատի (Պաքու), Քարի (Ալեքպոլ), Մրգաստանի (Երեւան), Ոսկեհանքի (Իզմիր), Բարձրաբերդի (Կարին), Չրաբերդի (Կարս), Նաւահանգիստի (Պաթում), Ծովափի (Տրապիզոն), Լեռնավայրի (Կիլիկիա) եւ Եգիպտոսի փաստաթուղթերը, տեղեկագիրներ՝ բխած գործադիր մարմիններէ կամ անհատ գործիչներէ, ուղղուած Ընդհ. ժողովին, Բիւրոներուն, կամ երբեմն՝ Շրջանային ժողովի մը: Եւ դեռ՝ ամբողջացուած, առկայութեան պարագային, Շրջանային ժողովներու ատենագրութիւններով, նամակներով, այլեւայլ ուրիշ փաստաթուղթերով (հատորի շուրջ կէս ծաւալը, գլուխներ XIV-XXIII):
Առանց անտես առնելու փաստաթուղթերու ընդհանրական շահեկանութեան սկզբունքը, կազմակերպական գործի իմաստով յատուկ շահեկանութիւն կը ներկայացնեն Ոսկանապատի, Քարի, Մրգաստանի եւ Չրաբերդի նիւթերը: Եգիպտոսի նիւթերուն մէջէն՝ յաւելեալ գիծեր կը ստանայ գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի մարդկային կենդանագիրը: Իսկ Հ.Յ.Դ. կազմերու աշխարհագրական տեղաբաշխումի իմաստով, հետաքրքրական նորութիւն է կազմակերպական Անդրկասպեան շրջանը, Կրասնովոտսքէն մինչեւ Պուխարա, Թաշքենթ եւ դէպի աֆղանական ու չինական սահմանները գացող տարածքներու գաղթական հայութեան ծոցին…
Գլուխ XXIV-ը, «Յաւելուած կազմակերպական շրջաններու», 80 էջերու վրայ կը խմբէ շրջաններու վերաբերող այն նիւթերը, յաճախ կենսական կարեւորութեամբ, որոնք կը պակսէին 4րդ Ընդհանուր ժողովի թղթածրարէն: Այլ թղթածրարներէ երեւան հանուած եւ միացուած այս նիւթերը կը վերաբերին գլխաւորաբար Մեծ Քաղաքի (Թիֆլիս), Շամ-Լեռնապարի (Վասպուրական), Ապառաժի (Արցախ-Շուշի) եւ Այգեստանի (Գանձակ) շրջաններուն:
Գլուխ XXV-ի տակ խմբուած են փաստաթուղթեր՝ «1904-1907 տարիներու անցքերուն շուրջ», Կովկասեան նախագիծ, միհրանական շեղում, անջատականութիւն, Պուլկարիոյ զինուորական դպրոց, հայ-թաթարական ընդհարումներ…
Գլուխ XXVI-ը, հատորին վերջին քառորդը՝ ամբողջ, կը սպառէ նախորդ հատորներով այս կամ այն ձեւի տակ հպանցուած «Ցուցականի դատի գործը», այսինքն դատը՝ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի ահաբեկման գործի ղեկավար եւ անոր ձախողութեան գլխաւոր պատասխանատու Մարտիրոս Մարգարեանի (Սաֆօ): Աւելի քան 120 էջերու վրայ տարածուող այս թղթածրարին նիւթերը խմբագիրին կողմէ, ժամանակագրական թէ տրամաբանական հիմունքներով, բաժնուած են վեց մասերու՝ Ա.- Քրիստափորի շրջան. Բ.- Սաֆոյի նախաձեռնութիւններու շրջան. Գ.- Սաֆոյի վերագրումները, վրդովում եւ դատական գործ Հ.Յ.Դ. Խորհուրդին առջեւ. Դ.- Ընդհ. ժողովի քննիչ յանձնախումբի եռամաս տեղեկագիր. Ե.- Սաֆոյի «ինքնապաշտպանութիւն» եւ վճիռ:
Այս մէկ թղթածրարին նիւթերը, որքան ալ հսկայածաւալ ու երեւութապէս դժուար ընկալելի, սակայն կը կարդացուին հեւիհեւ՝ շնորհիւ անհաւատալի տրամային լիցքի մը: Ոչ նուազ կարեւոր, անոնք կը կայացնեն անսպառելի հանք մը՝ մարդկային եւ դաշնակցական տիպարներու, կենցաղի ու գաղափարական բարքերու: Անգամ մը եւս, անսովո՛ր հաստատում՝ արխիւային նիւթերու հրատարակութեան մը համար…
***
«Նիւթեր»ու այս հատորը, կ՚ըսէի՝ մէջբերելով խմբագիր Ե. Փամպուքեանի հաստատումը, փաստօրէն կ՚ամբողջացնէ բախտորոշ Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդհանուր ժողովի նիւթերու հրատարակումը՝ երեք ծաւալուն հատորներ («Նիւթեր Հ.Յ.Դ. պատմութեան համար», Գ., Դ. եւ Ե.), համագումար՝ 1300 երկսիւնակ մեծադիր էջեր, հարիւրաւոր ծանօթագրութիւններ, լրացուցիչ ցուցակներ եւ տախտակներ, ձեռագիրներու նմուշ-պատճէններ: Եւ կասկածէ վեր է, որ հատոր առ հատոր՝ այսպէսով կը նիւթականանայ սկիզբը նշուած էական առաջադրանքը՝ անցեալի հետ ուղղակի հաղորդումով կենսաւորել դաշնակցական եւ հայ մարդու մեր ներկան: Ու անոր կողքին, ինչպէս կը սահմանէր նոյնինքն Հ. Տասնապետեան շարքի Ա. հատորի մուտքին՝ աւելի քան երեսնամեակ մը առաջ, «խթան հանդիսանալ ու հնարաւորութիւն ընծայել ներկայ եւ ապագայ պատմագիրներուն՝ ամբողջական եւ առարկայական գնահատանքը ընելու (Հ.Յ.Դաշնակցութեան) պատմական մեծ առաքելութեան եւ հերոսական գործունէութեան»:
Կը մնայ ուրեմն հաստատել, որ այսօր, հակառակ պարագայական նուազումներու, միջոցներու եւ մարդուժի տագնապի, կազմակերպական ճիգի ու ներդրման մարզերու պարագայական տեղափոխումներու, Հ.Յ.Դ. պատմութեան ու գաղափարական աշխարհի պեղման գործը, անցեալի քննութեան գործը՝ յանուն ապագայի, կը շարունակուի: «Նիւթեր»ու շարունակման երեւոյթի կողքին, այս իրողութեան այլապէս յուսատու արձագանգներ են Սփիւռքի պայմաններէն աւելի նպաստաւոր պայմաններ ընձեռող հայրենի տարածքի վրայ «Դրօշակ»ի վերահրատարակութիւնը այս տարուընէ, կամ երեւումը Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմութեան ուսումնասիրման նուիրուած ակադեմական բնոյթի գործերու:
Այս վերջիններէն անպայման կ՚արժէ, իբրեւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան պատմագիտական հիմնագանձին մէջ անկիւնադարձային ներդրում, յիշատակել Գ. Խուդինեանի «Հ.Յ.Դաշնակցութեան քննական պատմութիւն – Ակունքներից մինչեւ 1895ի վերջերը» (Երեւան, 2006): Հայ յեղափոխական շարժումը եւ Դաշնակցութեան գործը նշուած ժամանակահատուածին մէջ պատմագիտական լուրջ որակով քննարկող այս ուսումնասիրական հատորը, ե՛ւ պատմական աղբիւրներու ու փաստերու նոր կուտակումով, ե՛ւ պատմագիտական ողջմիտ վերլուծումներով ու պատմա-փիլիսոփայական առհասարակ շատ հիմնաւոր ու կշռադատուած ընդհանրացումներով, պարտէր իւրացուիլ հոգեմտաւոր ոլորտի հաղորդ ամէն մէկ դաշնակցականէ, ամէն մէկ հայէ: Միւս կողմէ, ակնկալելով ու մաղթելով, որ յառաջիկային անիկա կը շարունակուի՝ մեր կազմակերպութեան գործի հետագայ տասնամեակներուն վրայ սփռելով պատմագիտական հետազօտութեան ու վերլուծումի նոյն պայծառ լոյսը…: Այսքանը գոնէ՝ իբրեւ յաւելում մամուլի մէջ գործին գտած զանազան արձագանգներուն, ինծի ծանօթ կամ անծանօթ:
Նոյնպէս, որքան ալ վհատեցուցիչ թուի փաստը, որ մեր Հ.Յ.Դ. կեդրոնական արխիւի նիւթերը կը շարունակեն, Ե. Փամպուքեանի իսկ բառերով, «ցարդ չպեղուած մնալ մեծագոյն մասով», այսուհանդերձ իր երախայրիքը կը բերէ մխիթարանքը՝ այդ «մեծագոյն մասը» գոնէ չափով մը «փոքրացնելու»: Ու մեզի կը մնայ իր գործին եւս մաղթել բարի մեկնարկ եւ բարի շարունակում: