ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր». – Նոյեմբեր 5-6ին Եւրոխորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թերի Տէյվիս պիտի այցելէ Հայաստան: Այս մասին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ կապի վարչութեան պետի պաշտօնակատար Տիգրան Բալայեան:
Այցելութեան ընթացքին Տէյվիս հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, պիտի քննէ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն առնչուող հարցեր: