ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 31ին Երեւանի Նոր Նորք համայնքի 7րդ զանգուածին մէջ բացումը կատարուեցաւ նշանառութեան մանկապատանեկան ողիմպիական մարզադպրոցին:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի յատկացուցած շուրջ 580 միլիոն դրամով կառուցուած մարզադպրոցին մէջ կայ նշանառութեան երեք սրահ եւ մարզադահլիճ:
Մարզադպրոցի բացման արարողութեան մասնակցող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան կառոյցի շինարարութիւնը գնահատեց իբրեւ լուրջ ձեռքբերում եւ նշեց, որ այս շէնքը 10րդն է 3-4 տարի առաջ սկսած մարզական կառոյցներու կառուցման եւ հիմնովին նորոգման մեծ ծրագիրի շրջանակով: Նախագահ Քոչարեան յայտնեց, որ նման համալիրներ պիտի կառուցուին նաեւ մարզերուն մէջ, առաջին հերթին՝ Գիւմրիի եւ Վանաձորի մէջ:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանց իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ հիմնադրամը 2006ին եւ 2007ին միջին հաշուով տարին 1 միլիառ դրամի մարզական նշանակութեան ծրագիրներ իրագործած է: