ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանին պէտք է այնպիսի նախագահ մը, որ պատասխանատու ըլլայ ոչ թէ ինչ-որ «թայֆայի», այլ զինք ընտրած ժողովուրդին առջեւ, եւ այսպիսի նախագահ կրնայ ըլլալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թեկնածուն, Արաբկիրի եւ Զէյթունի Հ.Յ.Դ. անդամներուն եւ համակիրներուն հետ Հոկտեմբեր 30ի հանդիպման ժամանակ յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ.ի կողմէ նախագահութեան թեկնածուներէն Վահան Յովհաննիսեան:
Սեփական թեկնածուով 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն Հ.Յ.Դ.ի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Վ. Յովհաննիսեան հիմնաւորեց նաեւ շարք մը այլ պատճառներով, որոնցմէ առաջինը այն է, որ «1999 թուականից առ այսօր երկրի զարգացումն ապահոված ուժերն այլեւս սպառուել են»:
Վերջին 8 տարիներուն, ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան, Հայաստանի զարգացումը ակնյայտ է. երկիրը ղարաբաղեան բանակցութիւններուն մէջ որեւէ էական սխալ չէ կատարած եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման առումով հասած է զգալի յաջողութիւններու:
Սակայն, շեշտեց Վ. Յովհաննիսեան, մտահոգիչ է տնտեսական մրցակցութեան համար պայմաններու բացակայութիւնը: Մինչդեռ, «Հայաստանի տնտեսական զարգացման հիմնական խոչընդոտը մենաշնորհն է», եւ այդ իսկ պատճառով նախագահական ընտրութիւններուն դրական արդիւնքի հասնելու պարագային, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ տնտեսական մենաշնորհ ունեցողները մտնեն քաղաքական դաշտ:
2008ի նախագահական ընտրութիւններուն կուսակցութեան միւս թեկնածուն՝ Հ.Յ.Դ. ԳՄ ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր հերթին յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը լուրջ մտահոգութիւններ ունի իշխանութեան ճիւղերուն միջեւ հաւասարակշռութեան պահպանման առումով եւ քաղաքական գործընթացները կը լճանան, եթէ ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնանայ մէկ ճիւղի՝ նախագահի, Ազգային ժողովի կամ կառավարութեան ձեռքը: