«Ախ լեզուն, լեզուն, որ չըլլնի, մարդ ինչի նման կ’ըլնի: Ազգը պահողը, իրարու միացնողը լեզուն ա ու հաւատը: Լեզուդ փոխէ, հաւատդ ուրացիր, ալ ինչով կարաս ասել, թէ որ ազգից ես»:
Աբովեանի այն օրերու մտահոգութիւնը այսօր եւս մտահոգութիւն է: Այսօր ա՛լ աւելի, որովհետեւ իբրեւ ազգ մէկ աշխարհագրական տարածքի մէջ չենք պարփակուած, աշխարհասփիւռ ենք ու բազմաթիւ տեսանելի եւ անտեսանելի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուինք:
Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2007 տարին հռչակած է Հայ լեզուի տարի: Ու ասկէ մեկնելով, Սփիւռքի զանազան համայնքներու մէջ մայրենիին նուիրուած ձեռնարկներ կը կազմակերպուին:
«Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի վարչութիւնը Կիրակի, Հոկտեմբեր 28 2007ին կազմակերպած էր զրոյց մը՝ նուիրուած Հայ լեզուի տարուան: Զրոյցը կը հետապնդէր այն նպատակը, թէ ինչպէ՞ս, ի՞նչ միջոցներով կարելի է հայ լեզուն սիրել տալ հայ աշակերտին:
Ձեռնարկին ներկայ էին հայ լեզուի ու գրականութեան մշակներ՝ Լիզա Մանոյեան, Գէորգ Սարգիսեան, Ծովինար Մելքոնեան եւ Լինտա Գանտիլեան, որոնք բաժին պիտի ունենային զրոյցի ընթացքին: Մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Հարպոյեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան զրուցավարը՝ Սարգիս Մահսէրէճեանը եւ զրոյցին մասնակցող կրթական մշակները:
Զրոյցը սկսաւ մեկնակէտով մը, թէ արդեօ՞ք աշակերտները հայերէնը կը սիրեն: Կրթական մշակներէն մին մերժեց այս արտայայտութիւնը, ըսելով, թէ մենք պէտք չէ աշակերտին առիթ տանք այս մասին մտածելո՛ւ նոյնիսկ. ան հայ է եւ պէտք է հայերէն խօսիլ գիտնայ, որովհետեւ հայախօսութեան պակաս կայ, որ կը տանի անվերապահ ձուլումի: Կրթական մշակներու մտահոգութիւնը յստակ էր. անոնք խոստովանեցան, թէ իրենց այսօրուան գործը անգլիախօս աշակերտներու հետ է, որոնց ծնողները հայերէն չեն խօսիր, հայկական ոգին չեն փոխանցեր իրենց զաւակներուն, իսկ առանց հայերէն խօսելու մարդ հայ չի կրնար ըլլալ: Հայու ոգի ունենալը չի բաւեր, մենք պէտք է ահազանգ հնչեցնենք, ազգովին մտահոգուինք եւ լուծումներ փնտռենք: Հոս՝ ամերիկեան այս ափերուն է Սփիւռքի կեդրոնը:
Տրուեցան գաղափարներ՝ ամէն 10 տարին անգամ մը պէտք է դասագիրքերը փոփոխութեան ենթարկուին: Փաստօրէն, հայերէնի ուսուցիչները վերծանումի աշխատանք կը տանին, որովհետեւ աշակերտները իրենց կարդացածը չեն հասկնար, եւ, ինչու ոչ, շաբաթը 2 անգամ մշակոյթը ծանօթացնող դասընթացքներ պէտք է տեղի ունենան, պէտք է կազմակերպուին մարտախաղեր, հայկական ճաշեր եփելու դասեր, պար եւ այլ միջոցներ, որպէսզի աշակերտները միշտ հայկական մթնոլորտի մէջ զգան եւ ոչ պարտադրաբար սորվին հայերէն, մասնակից դառնան մշակութային ձեռնարկներու:
Զրոյցի մասնակիցները շեշտեցին նաեւ, որ հստակօրէն պէտք է զանազանել հայրենասիրութիւն եւ հայերէնի իմացութիւն հասկացութիւնները, որոնք երբեմն զիրար կը լրացնեն, բայց անառարկելիօրէն տարբեր ըմբռնումներ եւ ստորոգելիներ են:
Նաեւ արծարծուեցաւ դպրոցներէն ներս թատրոնի կարեւորութեան հարցը:
Զրոյցին մասնակցեցան ներկաները, որոնք իրենց գաղափարները, մտահոգութիւնները յայտնեցին:
Ձեռնարկի աւարտին ատենապետ Րաֆֆի Հարպոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայ լեզուի, գրականութեան մշակներուն, զրուցավար Սարգիս Մահսէրէճեանին եւ բոլոր ներկաներուն, ապա զիրենք հրաւիրեց հիւրասիրութեան:
Իբրեւ եզրակցութիւն՝ հայերէնը սիրելու համար բաւարար չէ հայկական կրթութիւն ստանալը, այլ անոր զուգընթաց հայեցի դաստիարակութիւնն է, որ կու գայ տունէն, ընտանիքէն, նոյնիսկ նախադպրոցական տարիներէն:
Գնահատելի էր այս ձեռնարկը, որովհետեւ կը ձգտէր կարեւոր եւ անժամանցելի մէկ նպատակի, թէ ինչպէս նորահաս սերունդին սիրել տալ մայրենին ու հայեցի կրթութիւն ջամբել: