ՓՐՈՎԻՏԵՆՍ.- Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտենս քաղաքի Պրաուն համալսարանին մէջ անցեալ Ուրբաթ օր մարդկային իրաւանց երիտասարդ գործիչներ ցոյց մը կատարեցին, բողոքելու համար քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրի (Դ., Ֆլորիտա) թրքանպաստ կեցուածքին դէմ:
Քոնկրէսականը համալսարան կ’այցելէր Մ. Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի արտաքին յարաբերութեանց մասին դասախօսութիւն տալու համար: Լուրը հաղորդեց Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տեղւոյն ուխտը:
Ուեքսլըր, որ Քոնկրէսէն ներս Թրքական համախմբումի համանախագահն է, 2005ին եւ 2007ին դէմ քուէարկած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն՝ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նիստերուն:
Իր այցելութենէն միայն քանի մը ժամ առաջ տեղեակ ըլլալով, այսուհանդերձ Հ.Ե.Դ.ի «Վարանդեան» ուխտի անդամները ցոյցով դիմաւորեցին քոնկրէսականը եւ բողոքեցին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման անոր մեղսակցութեան դէմ: Անակնկալի գալով, Ուեքլսըր սրահ մուտքին ոչ մէկ արտայայտութիւն կրցաւ ունենալ ի տես ցուցարարներուն, որոնք պարզած էին պաստառներ «Ուեքսլըր վարձու է» եւ «Ցեղասպանութիւնը ուրացող» վերտառութիւններով: Ցուցարարները նաեւ կոչ ուղղեցին՝ առ ի զօրակցութիւն Ֆլորիտայի 19րդ ընտրաշրջանէն ներս ընտրութիւններուն Ուեքսլըրի մրցակից Պեն Կրէյպըրի: