Հաւանաբար լաւատեսութեամբ դիտուի ցեղասպանութիւնները կանխելու մասին Մոնթրէալի մէջ վերջերս կազմակերպուած միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքը։ Խորհրդաժողովը կը նպատակադրէ քաղաքական շրջանակներու վրայ ճնշում բանեցնել՝ աւելի լուրջի առնելու համար աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնները եւ, միեւնոյն ժամանակ, վերլուծել տագնապի ազդանշանները եւ բարձրացնել ցեղասպանութեան գիտակցութիւնը։
Այլապէս, ցեղասպանութեան ուղղութեամբ ընթացող բռնութիւններու զարգացումը կանխելու համար խորհրդաժողովը փորձեց յարմար միջոցները ուսումնասիրել։ Այս նպատակին համար ի մի բերաւ ՄԱԿի ներկայացուցիչներ, ակադեմական եւ իրաւաբանական շրջանակներէ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց զանազան ցեղասպանութիւններէ՝ Ռուանտայի, Քամպոտիոյ, Հրէական Ողջակիզումի վերապրողներ։
Ռուանտայի մէջ ՄԱԿի փորձը ցոյց կու տայ, թէ անոնց ուժերը անկարող էին կասեցնել որեւէ դէպք։ Մասնագէտները կը հաստատեն, թէ ցեղասպանութիւնը կարեւոր է իրաւաբանական դիտանկիւնէ առնուած, սակայն իրականութեան մէջ դժուար է վերլուծել զայն կանխելու միջոցը, քանի որ ցեղասպանութիւնը փաստելու համար հարկաւոր է իրաւաբանական տուեալներ ունենալ, որպէսզի կանխարգիլման միջոցներ ձեռնարկուին։
Իրականութեան մէջ հաւաքական սպանութիւնը կը համապատասխանէ ցեղասպանութիւն արտայայտութեան, սակայն մինչեւ որ այդ մէկը իրաւաբանական շրջանակներու կողմէ հաստատուի, արդէն որեւէ քայլ նախաձեռնելու կարելիութիւնը կ՚անհետանայ։
Մինչ խորհրդաժողովի մասնակիցները կը յիշեցնեն ցեղասպանութեան իրողութիւնն ու մանրամասնութիւնները, Տարֆուրի մէջ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը։ Հոս կարելի է յիշեցնել 1948ի «Ցեղասպանութիւնը կանխելու» միջազգային պայմանագիրը, որ ոչինչ կրցաւ պարտադրել աշխարհի մէջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն ի տես։
Սակայն, ըստ խորհրդաժողովին մասնակցող կարգ մը մասնագէտներու, կարելի է ցեղասպանութիւնները կանխել միայն այն անձերու միջոցով, որոնք անմիջական կապ ունին ցեղասպանութեան հետ, այսինքն անոնցմով, որոնք առնչուած են հաւաքական սպանութիւններու գործողութիւններուն։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, թէ մարդոց իրաւունքներու ոտնակոխման հարցերը լուծելու համար անհրաժեշտ է որոշ դիւանագիտութիւն եւ միջազգային ընտանիքի ազատ կամքը։
Ի հարկէ, ցեղասպանութիւնները կանխելու համար մեծ կարեւորութիւն պէտք է տրուի միջազգային դատարանի դերին. միւս կողմէ՝ հարցերը կը դրուին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ եւ զուգահեռաբար աշխատանք կը տարուի զոհերը պաշտպանելու եւ մարդկային օժանդակութիւն յատկացնելու անոնց. այնուհետեւ կրնայ սկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու գործընթացը, որուն կը յաջորդէ պատասխանատուներու դատավարութիւնը։
Հայկական Ցեղասպանութեան մեր փորձէն մեկնելով՝ կարելի է հաստատել, թէ ո՛չ կանխանշանները, ո՛չ ՄԱԿի ուժերը, ո՛չ ալ միջազգային ընտանիքին կամքը կրնան արդարութիւն հաստատել։
Անշուշտ նման խորհրդաժողովներ առիթ կ՚ընծայեն դասուելու նորագոյն պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած չորս ցեղասպանութիւններու շարքին, ներկայ իրողութեան եւ ապագայի մարտահրաւէրներու դասեր քաղելու համար, հետեւաբար կանխելու՝ հետագայի ցեղասպանութիւնները։