ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հոկտեմբեր 31ին նախագահ Քոչարեան անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին յայտնեց, որ մինչեւ 2008ի նախագահական ընտրութիւններ որեւէ վերջնական լուծում հնարաւոր չի համարեր եւ չի բաժներ նաեւ միջնորդներու լաւատեսութիւնը:
Այս առնչութեամբ ան յայտարարեց, որ «բանակցային գործընթացում որոշակի առաջընթաց կայ, բայց այդչափ լաւատես չեմ ենթադրելու համար, որ մինչեւ նախագահական ընտրութիւնները կարելի է յստակ արդիւնքների գալ: Բանակցային գործընթացը շարունակւում է, դրանում ե՛ւ դրականը կայ, ե՛ւ բացասականը»:
Ըստ նախագահ Քոչարեանին, քննարկուող նախագիծը ցոյց կու տայ, որ բանակցային գործընթացը որոշ ճամբայ կտրած է, բայց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան մարտատենչ յայտարարութիւններէն տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ գործընթացները իրարու հետ կապ չունին. «Այդ պատճառով այսօր լաւատեսութեան հիմքերը մեծ չեն: Սպառնալիքները կան, եւ մեր քաղաքականութեան մէջ պէտք է հաշուի առնենք նաեւ այդ սպառնալիքները», նշեց նախագահ Քոչարեան: