ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաք Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30ին հանդիպում ունեցաւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ, խորհրդակցելու համար պաղեստինեան բեմին վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին քննուեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուելիք Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան գործընթացը արագացնելու ջանքերը։
Եգիպտական «Մենա» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ապպաս բացառեց Միջին Արեւելքի խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին պաղեստինեան կողմէն որեւէ զիջում՝ կոչ ուղղելով գործադրելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը եւ խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ 1967 թուականը կանխող սահմաններով ու արեւելեան Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող անկախ պաղեստինեան պետութիւն մը կազմելու եւ գաղթականներու տունդարձը։
Ապպաս արաբական եւ իսլամական երկիրներուն կոչ ուղղեց Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները չբնականոնացնելու կամ զայն չճանչնալու, մինչեւ որ ան հեռանայ 1967ին իր գրաւած պաղեստինեան ու արաբական հողերէն եւ ՄԱԿի բանաձեւերուն հիմամբ պաղեստինեան հարցին արդար լուծում մը գտնուի։
Յուլիսին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ առաջարկեց այս աշնան Միացեալ Նահանգներու մէջ խաղաղութեան խորհրդաժողով մը գումարել՝ խաղաղութեան սառեցուած գործընթացը աշխուժացնելու միջոցներ որոնելու եւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին լուծում մը գտնելու համար։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը արաբ ղեկավարներ կասկած կը յայտնեն, որ այս խորհրդաժողովը խորքային հարցերուն կրնայ չանդրադառնալ։ Այդ հարցերուն շարքին են՝ Երուսաղէմի ճակատագիրը, պաղեստինցի գաղթականներու վլրադարձը եւ պաղեստինեան ապագայ պետութեան սահմաններուն հարցը։
Նկարին մէջ, Ապպաս եւ Մուպարաք: