Նոյն օրը, Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները տեսակցեցան նաեւ Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի խորհրդարանի անդամ Ռանտի Հաուզի հետ եւ անոր յանձնեցին Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդութեան նախագիծը (Proposal for adopting study of Armenian Genocide as part of B.C. school studies curriculum), որ պատրաստուած է յանձնախումբի անդամներէն Արթիւր Թաշճեանի կողմէ:
Նախարար Հաուզ դիտել տուաւ, որ ինք մեծապէս կը գնահատէ Հայ Դատի Յանձնախումբին տարած աշխատանքը եւ պատրաստ է աջակցելու այս գործին. ան նաեւ խոստացաւ անմիջապէս կապուիլ Պրիթիշ Քոլոմպիայի ուսումնական նախարար Շըրլի Պոնտի, որպէսզի այս վերջինը հանդիպում մը ունենայ Յանձնախումբին հետ:
Յայտնենք, որ տիկին Շըրլի Պոնտ Պրիթիշ Քոլոմպիայի կրթական նախարարն է, միաժամանակ կը վարէ փոխվարչապետի պաշտօն՝ նահանգի խորհրդարանէն ներս:
Հանդիպման աւարտին, յանձնախումբի անդամները ներկայ եղան խորհրդարանի անդամ Ռանտի Քէմփի վերընտրութեան ճաշկերոյթ-դրամահաւաքին: