ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին տուեալներով, Հայաստանի մէջ կը նկատուի աշակերտներու թուաքանակի նուազում: Այս մասին նշեց կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան՝ ԱԺ մնայուն յանձնաժողովներու կողմէ շարունակուող ՀՀ 2008ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումներու ժամանակ: 2000 թուականէն սկսեալ աշակերտներու թիւը 32-37.5 հազարի միջեւ է, մինչդեռ 1992ին դպրոցներու մէջ կ’ուսանէր 70 հազար երեխայ:
Նախարարը նշեց, որ ծնունդներու որոշակի նուազումը ուսուցչական կազմի համար խնդիրներ կը յառաջացնէ, քանի որ ուսուցչական կազմը, ըստ էութեան, չէ պակսած, մնացած է նոյնը: «Կառավարութեան ջանքերով կարողացանք աշակերտ-ուսուցիչ յարաբերութիւնները բերել 14/1ի, սակայն այսօր 300ից պակաս աշակերտ ունեցող դպրոցներում յարաբերակցութիւնը փաստացի 8/1 կամ 10/1 է դառնում», նշեց նախարարը:
Այս խնդիրը, ըստ նախարարի, վարչական մեթոտով հնարաւոր չէ լուծել: Խնդիրը պէտք է լուծել 2-3 ճանապարհով. բաժնել 300էն պակաս աշակերտ ունեցող դպրոցները աւելի բարձր թիւով աշակերտ ունեցող դպրոցներէն, կամ աւելի պարզ՝ գիւղական եւ քաղաքային դպրոցները, եւ տարբեր մօտեցում ցուցաբերել՝ թէ դասարաններու խտութեան, թէ ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերակցութեան առումով:
Միւս ճանապարհը՝ վերապատրաստման երկարատեւ ուսուցման ծրագիրներու վերականգնումն է, եւ այդ ճամբով լուծումներ գտնել եւ մարդոց աշխատանք հայթայթելը: Նախարարը նշեց նաեւ, որ բոլոր համալսարաններու մէջ հիմա կան վերաորակաւորման, վերապատրաստման բաժանմունքներ եւ կը զարգանայ նաեւ մանկավարժական հեռակայ ուսուցման դրութիւնը:
Նախարար Լ. Մկրտչեան բարձրագոյն կրթութեան ոլորտին նիւթական աջակցութեան յոյս յայտնեց, քանի որ ծնունդներու նուազումը յառաջիկայ 3 տարուան ընթացքին պիտի ազդէ նաեւ համալսարաններու որակի վրայ: