ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 27-28ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին կողմէ պիտի կազմակերպուի Հայոց Ցեղասպանութեան, պատմական յիշողութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով, որուն հրաւիրուած են մասնակցելու պատմաբաններ եւ քաղաքագէտներ շարք մը երկիրներէ:
Լուրը մամուլին հաղորդեց ակադեմիայի բանբեր Ինկա Զարաֆեան: Ան յաւելեալ մանրամասնութիւններ չփոխանցեց մասնակցողներու անուններու կամ քննարկումի մասնայատուկ նիւթերու կապակցութեամբ: