Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւը, որ ըստ օրինի պէտք է սկսի ընտրութենէն 40 օր առաջ, փաստօրէն սկսած կարելի է համարել:
Եւ այս ծիրէն ներս, անցնող Ուրբաթ օր կայացած հանրահաւաքի մը ընթացքին, նախկին նախագահ Լ. Տէր Պետրոսեան մեղադրանքներ կատարեց ներկայ իշխանութիւններուն հասցէին: Իսկ ներկայ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան շտապեց իրեն յատուկ դիպուկ ոճով պատասխանել հանրահաւաքին յայտարարուած մեղադրանքներուն:
Գիտէք, թատրոններուն մէջ յուշարարներ կ’ըլլան: Եւ եթէ այս իրադարձութիւնները թատերական բեմադրութեան նմանցնենք, մենք մեզի իրաւունք տուած կ’ըլլանք ստանձնելու… համեստ յուշարարի դեր:
Այսպէս, պէտք է յուշենք նախկին նախագահին, որ ինք ներկայ վարչակարգի քաղաքական գնահատականը կատարելու իրաւունքը չունի, տրուած ըլլալով, որ իր օրով էր, որ Հայաստան մատնուեցաւ անիշխանութեան, կողոպուտի, ժողովրդավարութեան ամբողջութեամբ անյարիր անօրինականութիւններու, կամայական սպանութիւններով ստեղծուած անպատժելիութեան վիճակի, եւայլն. շարքը շա՜տ երկար է: Ժողովրդական լեզուով՝ տասը հոգիի պէտք կայ, որ նախկին նախագահին գործունէութեան գնահատականը կատարեն:
Միւս կողմէ, պէտք է յուշել նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, որ երբ ինք ընտրուեցաւ 1998ին, իր կողքին ստեղծուած քաղաքական խորհուրդը, բաղկացած երկրի քաղաքական երանգապնակին պատկանող բոլոր հոսանքներէն, նախապէս կայացած «ճենթըլմէններու համաձայնութեամբ», որոշեց կատարել նախորդ վարչակազմի գործունէութեան քաղաքական գնահատականը, որպէսզի այդ էջը դարձնելով առաջ երթանք եւ երկրին մէջ առողջ ընթացքի մը հիմը դրուի: Այդ գնահատականը մշակուեցաւ, պատրաստուեցաւ, սակայն… անտեսուեցաւ նոյնինքն Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ, որ այսօր կը ստիպուի իր նախորդին յուշել (ընդունինք՝ արդարացիօրէն), թէ մեծ տարբերութիւն կայ 1998ին իր ստանձնած Հայաստանին եւ ներկային միջեւ:
Այո, պէտք է յուշենք առաջին նախագահին, որ մեղադրանքներ կատարելու բարոյական իրաւասութիւնը չունի, իսկ երկրորդին՝ որ պատասխանելու պահը ինք օրին անտեսեց: