ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Արժանթինահայ թենիսմէն Դաւիթ Նալպանտեան անցեալ ամսուան ընթացքին այցելած է Հ.Մ.Ը.Մ. Պուէնոս Այրէսի ակումբ, ուր դիմաւորուած է իր ազգակիցներուն, Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանին, հայկական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ: Հայաստանի դեսպանը այս առիթով Նալպանտեանը հրաւիրեց Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Ան ըսաւ, որ այդ մրցաշարքին Նալպանտեանի մասնակցութիւնը անոր պիտի տայ յաւելեալ փայլք: Նալպանտեան այդ հրաւէրը ընդունելով ըսաւ. «Շատ հաւանական է, որ մօտիկ ապագային Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այդ մրցաշարքին իմ մասնակցութիւնս բերեմ: Երբեք չեմ կրնար մոռնալ անցեալի այն օրերը, երբ թենիսի մրցումներ կը կատարէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի իմ ազգակիցներուս հետ»: