Չորեքշաբթի օր, Լիբանանի մէջ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց, քննելով լիբանանեան քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւններու թղթածրարին կապուած զարգացումները։ Ժողովէն ետք նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան ընթերցեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ յայտարարուեցաւ, թէ խորհուրդը կողմնակից է համախոհական նախագահի մը ընտրութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ, խորհուրդը անդրադարձաւ յաջորդ նախագահի յատկանիշներուն եւ անհրաժեշտ գտաւ, որ նախագահը ըլլայ համախոհական, իր շուրջ համախմբէ բոլոր լիբանանցիները, հաւատայ ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան սկզբունքին, գործնական գետնի վրայ համաձայնութեան ջատագով ըլլայ եւ քաջ՝ որոշումներ տալու գործընթացին մէջ։ Ան նաեւ պէտք է կարող ըլլայ լուծելու առկախ հարցերը, Լիբանանը դուրս հանելու իր տագնապէն եւ հարցերէն, որոնք կուտակուեցան 1975 թուականէն ի վեր, ինչպէս նաեւ կառչելու Թաէֆի համաձայնագիրին՝ իբրեւ երաշխիք Լիբանանի մէջ համակեցութեան սկզբունքին։
Հաղորդագրութիւնը նաեւ շեշտեց նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած ժամկէտին ծիրին մէջ եւ սահմանադրական օրէնքներու համաձայն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, հեռու՝ որեւէ արտաքին միջամտութենէ։ Նաեւ ընդգծուեցաւ, որ պատասխանատուները պէտք է իրենց ուշադրութեան կեդրոնը պահեն ժողովուրդին հարցերը, մտահոգութիւնները եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրները:
Աւարտին, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան հաստատեց, որ խորհուրդը զօր. Միշէլ Աունին մէջ կը տեսնէ համախոհական յատկանիշները։ Ան ըսաւ. «Այնքան ժամանակ որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխանները անդամ են «Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում» համախմբումին, ուստի բնական է, որ մեր թեկնածուն զօր. Աունը ըլլայ»։
Նոյն օրը, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն այցելեց մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնը։
Աւարտին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ հանդիպումը յաւելեալ յոյս ներշնչած է՝ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին շուրջ գոյանալիք համախոհութեան գծով։
Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց համախոհութիւն գոյացնելու եւ շեշտեց, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին համախոհութեան ջատագովն ու զօրակիցը եղած է, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը տեսնէ, որ նախագահական ընտրութիւնը կայանայ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ծիրին մէջ։
Յակոբ Բագրատունի ընդգծեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին կը մասնակցի, եթէ սահմանադրութիւնը յարգուի եւ խորհրդարանի անդամներուն երկու երրորդին ներկայութեան կայանայ այդ նիստը։
Աւելցնենք, որ Կեդրոնական Կոմիտէն նախանցեալ օր այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի: