Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2007ը Հայ լեզուի տարի հռչակած ըլլալով, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը գնահատելի մտածումը ունեցած էին, յատուկ ձեռնարկ կազմակերպելու այս առիթով, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 28 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6ին, Կլէնտէյլ քոլէճի հանդիսասրահին մէջ։
Ձեռնարկը հովանաւորուած էր թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ։
Օրուան հանդիսավարն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ իր պարտականութիւնը կատարեց ձեռնհասօրէն։
Երեկոյթը, որուն ներկայ էին աւելի քան 350 անձեր, բացուեցաւ բոլորին կողմէ Տէրունական աղօթքով:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Զարեհ Մարգարեան կատարեց բացման խօսքը, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ սրբազան հօր, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ հովիւներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն եւ ապա, թելադրեց ջերմ հոգածութիւն եւ գուրգուրանք ցուցաբերել հայ լեզուին ու մշակոյթին նկատմամբ, իր խօսքը եզրափակելով Մ. Իշխանի հայ լեզուին նուիրուած «Հայ լեզուն տունն է հայուն…» քերթուածին առաջին տունի մէջբերումով։
Օրուան գեղարուեստական յայտագիրը՝ երգի, ասմունքի եւ խօսքի իր բաժիններով, հայ մշակոյթի արտայայտչական գեղեցիկ փունջ մըն էր, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէր հայ հոգիին ու մտքին ստեղծագործական հանճարը եւ ազգային իղձերն ու ձգտումները։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքին անբաժան մաս՝ դպրաց դասի ինը ներկայացուցիչներ, քառաձայն երեք երգերու վայելուչ կատարմամբ, հմայեցին ներկաները։
Ասմունքի վարպետ Նունէ Աւետիսեան, Խաչատուր Աբովեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Նայիրի Զարեանի եւ Գէորգ Էմինի ընտրանի ազգայաշունչ քերթուածներէ առնուած բաժիններու խոր ապրումով եւ անթերի կատարմամբ, մեծապէս տպաւորեց բոլորը։
Ձեռնարկին յայտնութիւն-անակնկալը հանդիսացաւ Ալիսա Նաքաշեան-Հոլսպըրկ, որ մեր հասարակութեան ցարդ անծանօթ ապակեայ երգեհոնին (Glass Armonica) վրայ, 11 երգերու նուրբ կատարմամբ զարմացուց ունկնդիրները։
Յայտագրին հիմնական բաժինը կը կազմէր բանախօսութիւնը, վաստակաւոր դաստիարակ եւ մտաւորական Սարօ Նազարեանի կողմէ, կը յատկանշուէր Արամ Ա.ի հայ լեզուին նուիրուած 2007ի սրբատառ կոնդակին հիմնական մտածումներուն խոր վերլուծումով եւ անձնական լուրջ մտքերու յաւելումներով, հայերէնին արտայայտչական կարողականութիւնն ու հարստութիւնը հաստատող ու շեշտող լեզուական ճկունութեամբ եւ շնորհալիութեամբ։
Յարգելի բանախօսը իր խօսքը եզրակացուց ըսելով, որ պաշտամունքի հասնող սիրով եւ մշակութային թէ ազգային բոլո՛ր մարզերուն մէջ, բոլորի՛ն կողմէ ծրագրուած հետեւողական անդուլ աշխատանքով միայն, որ կարելի է իր այսօրուան անբաղձալի վիճակէն անցեալի փայլքին ու փառքին բարձրացնել մեր չքնաղ մայրենին։
Ձեռնարկը վերջ գտաւ թեմի առաջնորդ սրբազան հօր եզրափակիչ՝ գնահատանքի եւ քաջալերանքի հայրական սրտաբուխ խօսքերով եւ հայ լեզուին ու մշակոյթին ամէ՛ն գնով տէր եւ պաշտպան կանգնելու յորդորով, ուր կը կայանայ փրկութիւնը ներկայ, թէ դեռ մեր արեան մէջ խոստում եղող արմենական սերունդներուն։
Հանդիսութեան աւարտին, ծաղկեփունջերով գնահատուեցան յայտագրին բոլոր մասնակիցները, իսկ, եկեղեցւոյ կողմէ՝ ձեռամբ առաջնորդ սրբազան հօր՝ յատուկ գնահատագրերով պատուուեցան Սարօ Նազարեան, Նունէ Աւետիսեան եւ Ալիսա Նաքաշեան-Հոլսպըրկ։
Իր ամբողջութեան մէջ մեծապէս գնահատելի ձեռնարկ մը, որ հայ եկեղեցին իր աւանդական դերին մէջ վերահաստատողի հանգամանքով, միայն հպարտանքի առիթ կրնայ դառնալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին։
ԹՂԹԱԿԻՑ