ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունաստանի Հերակլիոն քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան 5րդ փուլին Հայաստանի տղոց ճատրակի հաւաքականը սեւ խաղաքարերով 2.5-1.5 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ հաւաքականին: Վլատիմիր Յակոբեանը յաղթեց Սուաթ Աթալիքին, իսկ Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Սմբատ Լպուտեան հաւասարեցան իրենց մրցակիցներուն հետ:
5րդ փուլի աւարտին Հայաստանի ճատրակիստները ունին խմբային 7 եւ անհատական 12 կէտ: Մրցաշարքի 6րդ փուլին Հայաստանի հաւաքականը սպիտակներով պիտի խաղայ Հունգարիոյ հետ:
Իգական սեռի մրցաշարքին Հայաստանի հաւաքականը սեւ խաղաքարերով 2.5-1.5 արդիւնքով յաղթեց Ատրպէյճանի հաւաքականին: Էլինա Դանիէլեան յաղթեց Զ. Մամետեարովայի, Լիլիթ Մկրտչեան՝ Քատիմովայի, Նելլի Աղինեան հաւասարեցաւ, իսկ Սիրանուշ Անդրէասեան պարտութիւն կրեց: Յաջորդ փուլին անոնց մրցակցին է Ռումանիոյ հաւաքականը: