ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի «Տը Քլապ» ճաշարան-ակումբին մէջ, Նոյեմբեր 1ին բացումը կատարուեցաւ լատինամերիկեան խոհանոցի եւ երաժշտութեան փառատօնին:
Մինչեւ Դեկտեմբեր 14 շարունակուող փառատօնի ընթացքին պիտի ներկայացուի լատինամերիկեան երկիրներու (Վենեզուէլա, Քուպա, Պրազիլ, Փերու, Քոլոմպիա, Արժանթին, Մեքսիքօ) ազգային երաժշտութիւնը եւ խոհանոցը: