Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամի երրորդ տարեկան ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24ի երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ, Պըրպէնք:
Բարի գալստեան եւ բացման խօսքը կատարեց օրուան հանդիսավար Արա Ակիշեան, որ հակիրճ պատմականը ըրաւ այս հիմնադրամին: Ընթրիքի ընթացքին հանդիսականները վայելեցին Heavenly Chance եւ Մասիս Բարունեանի նուագն ու երգեցողութիւնը:
Հիմնադրամի մասին համակարգչային գործիքի միջոցաւ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւններ տուաւ Ռանըլտ Ռանի Նազելի, ցոյց տալով կրթական այն հաստատութիւնները Հայաստանի մէջ, որոնք կը վերանորոգուին եւ կամ կը հովանաւորուին հիմնադրամի կողմէ: Ցոյց տուաւ հիմնադրամի հաստատումէն՝ 2004 Յուլիս ամիսէն սկսեալ տրամադրուած նուիրատուութիւններուն ընդհանուր գումարը:
ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեան բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Բագրատ Եսայեանի, ապա դրուատեց Անուշաւան Աբրահամեանը, որ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ Հայաստանի կրթական մարզէն ներս:
Բագրատ Եսայեան հանգամանօրէն խօսեցաւ Հայաստանի կրթութեան մասին, երբեմն ներկայ կացութիւնը բաղդատելով խորհրդային շրջանին հետ: Յայտնեց, թէ աւելի քան տարի մը ուսումնասիրութիւններ կատարուելէ ետք, կրթութեան նախարարութիւնը եւ հիմնադրամի տնօրէնն ու գլխաւոր բարերար Անուշաւան Աբրահամեան ստորագրած են համաձայնագիր, որ ցարդ կանոնաւոր կերպով կը գործադրուի:
Խօսք առաւ հիմնադրամի տնօրէն Անուշաւան Աբրահամեան, որ անդրադարձաւ հիմնադրամին կրթական եւ բարեսիրական առաքելութեան, ապա կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ քաջալերելու եւ նիւթապէս օժանդակելու հիմնադրամի ծրագիրներուն:
Առաջնորդ սրբազանը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց հիմնադրամի վարչութեան հայրենանուէր ծառայութիւնները եւ ցարդ կատարուած սքանչելի աշխատանքը եւ նորանոր եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց «Անուշաւան Աբրահամեան» կրթական հիմնադրամին: