ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ պետական սահմանի ճշգրտման ուղղութեամբ, երկու կողմերու համապատասխան պետական յանձնաժողովներու աշխատանքի արդիւնքով, արդէն համաձայնեցուած է հայ-վրացական սահմանի 150 քիլոմեթրնոց սահմանագիծը: Իսկ մնացեալ՝ մօտ 75 քիլոմեթր ընդհանուր երկարութեամբ 5 սահմանային հատուածներու համաձայնեցման աշխատանքները տակաւին կը շարունակուին: