ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբեր 5-7ին պաշտօնական այց կը կատարէ Ֆինլանտա: Այցի առաջին օրը տեղի պիտի ունենայ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Տարեա Հալոնէնի առանձնազրոյցը, որուն պիտի յաջորդեն պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպում եւ երկու երկիրներու նախագահներու մամլոյ ասուլիսը:
Նախագահ Քոչարեան ելոյթ պիտի ունենայ Ֆինլանտայի խորհրդարանին մէջ, պիտի հանդիպի վարչապետին, գործարար կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ:
Նախագահ Քոչարեան պիտի այցելէ Հելսինքիի քաղաքապետարան, ելոյթ պիտի ունենայ համալսարանի Ալեքսանտերի հիմնարկին մէջ, պիտի այցելէ «Նոքիա» ընկերութիւն եւ պատմամշակութային շարք մը վայրեր:
Նախագահ Քոչարեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Աւետ Ադոնց, առեւտուրի եւ տնտեսական զարգացման նախարար Ներսէս Երիցեան, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեան, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Տիգրան Սարգսեան եւ այլ պաշտօնատարներ: