Երեւանի Օփերայի տունը հիմնադրուած է 1930 թուականին, 1933 թուականի Յունուար քսանին բացումը կատարուած է Ալեքսանդր Սպենդիարեանի «Ալմաստ» օփերայով։ 1938 թուականին Օփերայի տունը անուանուած է մեծ երաժշտահան Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անունով։ Շինութեան մաս կազմող՝ Արամ Խաչատրեանի անուան ֆիլհարմոնիայի մեծ դահլիճը սկսած է գործել 1963 թուականին։ 2002 թուականին կատարուած են շէնքի վերանորոգման աշխատանքներ։
Օփերայի թատրոնը հիասքանչ շինութիւն մըն է, որուն նախագիծը 1937 թուականին, Փարիզի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային ցուցահանդէսին արժանացած է ոսկէ շքանշանի։ Հիմնադրութեան օրերէն շէնքը շրջապատուած է հայ մեծանուն մշակութային գործիչները պատկերող, ճարտարապետական վարպետութեամբ ստեղծուած արձաններով, աւելի ուշ՝ Հայաստանի անկախացումէն ետք, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնը շրջապատուեցաւ տարբեր սրճարաններով, ակումբներով, որոնք խեղաթիւրեցին իր արտաքին տեսքն ու հմայքը։
Օփերայի մեծ թատրոնը այն բեմն է, ուր ելոյթ ունեցած են հայ անուանի արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Նար Յովհաննէսեան, Գոհար Գասպարեան, Արշաւիր Կարապետեան, Արաքս Մանսուրեան, Գեղամ Գրիգորեան, Ռազմիկ Պապիկեան, Սերկէյ Դանիէլեան, Տիգրան Լեւոնեան, Տաթեւիկ Սազանդարեան, Էլեն Վարդանեան, Դաւիթ Պօղոսեան եւ բազմաթիւ այլ արուեստագէտներ, ներկայացնելով «Անուշ» օփերան, Արշակ Բ. եւ այլ գլուխ գործոցներ։
Անկախացումէն ետք ժամանակ առ ժամանակ սկսան այնտեղ ելոյթ ունենալ նաեւ երգողներ, որոնք պատիւ չեն բերեր հայ մշակոյթին, բայց այսօր արդէն չափն անցած է՝ մինչեւ ե՞րբ կարելի է լռել եւ թոյլ տալ անթոյլատրելին։
Նոյեմբեր 10ին Հայաստանի մէջ պիտի սկսի ճիւտոյի «կրան փրի» հեղինակաւոր մրցաշարքը: Մրցոյթը Հայաստանի մէջ կազմակերպուելու փաստը, ինչ խօսք ուրախալի է, բայց Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի ղեկավար, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան կուսակցապետ, ազգային ժողովի պատգամաւոր, գործարար Գագիկ Ծառուկեանի եւ իր համախոհներու կարծիքով, այս մրցաշարը կազմակերպելու ամենայարմար տեղը Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի շէնքն է, որոշումը կայացած է եւ մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ այնտեղ։ Արտաքին խեղաթիւրումը բաւարար չէր, հիմա ալ օփերան սկսած է ծառայել բոլոր անոնց, որոնք կրնան դրամ վճարել զայն վարձակալելու՝ չկարեւորելով օգտագործման նպատակն ու շարժառիթները։
Ո՞ւր են մեր մշակոյթի գործիչները, որոնք միշտ կը խօսին մշակութային բարձր արժէքներու մասին, չէ՞ մնացած գէթ մէկը, որուն համար այդ վայրը սրբութիւն է, եթէ անզօր են արգիլելու այս խեղկատակութիւնը, գոնէ ձայն հանեն, յայտնեն իրենց զայրոյթը։
Ցաւալին այն է, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան մաս կը կազմեն մշակոյթի անուանի գործիչներ, ինչպէս՝ գեղարուեստի ակադեմիայի ռեկտոր Արամ Իսաբէկեան, դերասան Գուժ Մանուկեան, վաստակաւոր պարուսոյց Վանուշ Խանամիրեան։
Է՜հ, երէկ «Ալմաստ», «Անուշ», «Արշակ Բ.», այսօր ճուտօ, տեսնենք վաղը ի՞նչ կը սպասուի։