ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի National Press Club-ին մէջ իր ելոյթի ընթացքին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան բացայայտօրէն ստեց, երբ ըսաւ, թէ 2005ին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին իր յղած նամակը «անպատասխան» մնացած է: Ան նաեւ բացայայտօրէն կեղծեց 1915ի Ցեղասպանութեան իրականութիւնը, երբ պնդեց, որ օսմանեան կառավարութիւնը նոյնիսկ «ծախսելու դրամ» յատկացուցած է տեղահանուած հայութեան:
Էրտողանի լրիւ ելոյթը սփռուեցաւ C-Span կայանէն, Խաղաղականի ժամով երեկոյեան 10ին: Անոր նախորդած էր Պուշի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի սփռումը:
Էրտողան իր ելոյթին առանցքը դարձուց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան պարագան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման 106րդ բանաձեւը:
Ան ոչ միայն հերքեց Ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ քայլ մը առաջ գնաց ուրացումի եւ յերիւրանքներու մէջ, երբ ըսաւ, թէ մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը հայերը խաղաղ կ’ապրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, սակայն պատերազմի ատեն «դուրսէն» դրդումներ եղան եւ թրքական կառավարութիւնը «փոխադրեց հայերը դէպի կայսրութեան այլ վայրեր ու անոնց նոյնիսկ դրամ յատկացուց ընթացիկ ծախսերու համար (pocket money)»: Ան աւելցուց, թէ այս մասին թրքական արխիւներուն մէջ «միլիոնով» փաստաթուղթեր կան:
Թուրքիոյ վարչապետը նոյն ոճով շարունակեց ըսելով, որ «մենք պատրաստ ենք մեր պատմութիւնը դիմակայելու, սակայն փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ նման ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած: Իրականութեան մէջ, մեր դաւանած արժէքները թոյլ չեն տար մեր ժողովուրդին, որ ցեղասպանութիւն գործադրէ»: Ան ըսաւ նաեւ, թէ ինք 2005ին նամակ յղած է Հայաստանի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին, որպէսզի պատմաբաններէ յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի, քննելու երկու կողմերու արխիւները, սակայն ըստ իրեն, իր նամակը մնացած է անպատասխան:
Թերթը մամուլին յանձնելու պահուն, պաշտօնական Երեւանէն այս կէտին կապակցութեամբ տակաւին ոչ մէկ արձագանգ հասած էր «Ասպարէզ»ին:
Էրտողան նաեւ «զգուշաւոր լաւատեսութիւն» յայտնեց 106րդ բանաձեւի յետաձգումին համար եւ նախագահ Պուշին հետ իր հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, թէ բանաձեւը կարողականութիւնը ունի մեծապէս վնասելու Թուրքիա-Ամերիկա ռազմագիտական գործակցութիւնը:
Անդրադառնալով Հայաստանի հետ սահմանին փակ մնալուն, Էրտողան ըսաւ, թէ «Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանը պիտի բանայ միայն այն ատեն, երբ Հայաստան քաշուի ատրպեճանական գրաւուած հողերէն» եւ աւելցուց. «Հայաստանի միակ փափաքը Թուրքիոյ հետ սահմանի բացումն է, սակայն դուք գրաւած էք Լեռնային Ղարաբաղը: Աշխարհ ձեզի հետ կը վարուի իբրեւ նախայարձակի: Կարեւոր է, որ դադրեցնէք գրաւումը, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Հետեւաբար, մենք Հայաստանի հետ սահմանը պիտի չբանանք»:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչակազմին եւ այն քոնկրէսականներուն, որոնք ընդդիմացած էին 106րդ բանաձեւին: