ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման հարցով ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան հասնելու, նաեւ միջկուսակցական գործակցութիւն զարգացնելու նպատակով, երէկ, Նոյեմբեր 6ին, Երեւանի «Անի» հիւրանոցին մէջ կազմակերպեցին Հ.Յ.Դ.-ՌԱԿ միջկուսակցական համաժողով մը:
Համաժողովի բացման իր արտասանած խօսքին մէջ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ողջունելով համաժողովի մասնակիցները նշեց, որ «հայկական իրականութեան մէջ ամենաշատ հնչող արտայայտութիւնները ազգային միասնութիւն, ազգային համախմբուածութիւն, ազգային միաբանութիւն եւ համերաշխութիւնն են: Բնական է, որ ժողովրդական այս պահանջն ուղղուած է քաղաքական վերնախաւին եւ այդ հնարաւոր է ստեղծել քաղաքական ուժերու՝ առաջին հերթին երկխօսութեան շնորհիւ:
«Այսօր մենք միասնաբար բան ունենք փոխանցելու Հայաստանի քաղաքական կեանքին, եւ դա քաղաքական մշակոյթի երեւոյթն է: Քաղաքական մշակոյթ, որը փոխադարձ յարգանք է նշանակում, երկխօսութիւն, փոխադարձ հանդուրժողականութիւն եւ ազատ քննարկում ընդհանուր մտքերի շուրջ: Մեզ կարող են իրարից զատել գաղափարական հարցեր, սակայն կան համահայկական մակարդակի մի շարք խնդիրներ, որոնք միայն պէտք է կարողանան մեզ համախմբել: Եւ այսօր մենք համահայկական օրակարգում եղած խնդիրներն են, որ մեր ժողովի քննութեան նիւթ են դարձել: Եւ այդ պատճառով ես վստահ եմ, որ ժողովը պէտք է ունենայ դրական արդիւնք»:
ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեան իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր մենք բոլորս մասնակիցները եւ ականատեսներն ենք աննախադէպ երեւոյթի: Հայկական դասական կուսակցութիւնների պատմութեան մէջ առաջին անգամ Հայաստանում հաւաքուած ենք միջկուսակցական ժողովի՝ միասնաբար ծրագրելու եւ համադրելու Հայ Դատի հետապնդման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ լուծման, ՀՀ միջազգային հեղինակութեան բարձրացման, ինչպէս նաեւ հայկական իրաւունքների պաշտպանութեան ուղղութեամբ մեր ձիրքերը:
«Հայ ժողովրդի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ հայրենահայութեան ու սփիւռքահայութեան գերագոյն շահերը պահանջում են ուժերի լարում: Մրցակցութիւնը կամ իրար հակասող գործունէութիւնը մեծապէս կը վնասեն մեր միասնական պայքարին՝ ջլատելով մեր ուժերը եւ վատնելով մեր միջոցները, որոնցից կ’օգտուեն մեր թշնամիները: Հայկական բոլոր կազմակերպութիւնները պարտաւոր են համադրել իրենց ճիգերը եւ համախմբուել համահայկական նպատակների շուրջ: Հայկական պահանջատիրական պայքարը պէտք չէ հակադրել Հայաստանի պետական շահերին»:
Համաժողվի երեք նիստերու ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուեցան եւ քննարկումներ կատարուեցան հետեւեալ թեմաներու շուրջ.
Ա.- Հայաստան-Արցախ-Չաւախք,
Բ.- Հայ Դատ եւ պահանջատիրութիւն,
Գ.- Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացման եւ հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման հարցեր:
Համաժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն:
Նշենք, որ այս տարուան Ապրիլին աւանդական երեք կուսակցութիւններու ղեկավար մարմիններու համաձայնութեամբ տեղի ունեցած այս համաժողովին, Հնչակեան կուսակցութիւնը չմասնակցեցաւ: