ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 7ին տեղի ունեցած Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն խումբի ախոյեանութեան յետաձգուած «Փիւնիկ»-«Արարատ» հանդիպումին, «Փիւնիկ» 4-1 արդիւնքով յաղթեց եւ 57 կէտով, անկախ ախոյանութեան վերջին փուլի արդիւնքներէն, անգամ մը եւս նուաճեց Հայաստանի ախոյեանի տիտղոսը:
Սա «Փիւնիկ»ի 7րդ անընդմէջ եւ ընդհանուր առմամբ 10րդ յաղթանակն է անկախ Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Միւս յետաձգուած՝ «Բանանց»-«Միքա» հանդիպումը աւարտեցաւ 0-1 արդիւնքով:
Վերջին՝ 28րդ փուլի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Նոյեմբեր 10ին, ուր յայտնի կ’ըլլան ախոյեանութեան միւս երկու մրցանակակիրները: