ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Նոյեմբեր 7ին կառավարութիւն ներկայացուած են Ազգային ժողովի յանձնաժողովներուն մէջ 2008ի պետական ամավարկի նախագիծի Հոկտեմբեր 29էն Նոյեմբեր 2 տեղի ունեցած նախնական քննարկումներու արդիւնքով ձեւաւորուած գրաւոր առաջարկները:
2008ի ամավարկի նախագիծը պիտի քննուի Նոյեմբեր 12էն սկսող ԱԺի լիագումար նիստերու ընթացքին: Կառավարութեան կողմէ նախագիծի ներկայացման եւ միտքերու փոխանակման աւարտէն յետոյ քննարկումը պիտի ընդմիջուի առնուազն 4 օրով: Վերսկսուելիք քննարկումին կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ ստացած առաջարկներու հիման վրայ լրամշակուած ամավարկի նախագիծի վերջնական տարբերակը: