Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կառոյցը երեք օրերու ընթացքին գումարեց իր 32րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը, Հոկտեմբեր 26-28, «Շերաթոն Ֆրէյմինկհէմ» հիւրանոցին մէջ։
Երեք օրերու ընթացքին շրջանի բոլոր մասնաճիւղերէն ժամանած պատգամաւորները քննեցին շրջանաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, մշակեցին յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ծրագիրը եւ շրջանային նոր վարչութիւն ընտրեցին։
Ժողովը լսելէ ետք շրջանաւարտ վարչութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագիրները եւ պատգամաւորներու կողմէ մատնանշուած դրական եւ բացասական երեսները, շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը գնահատելի նկատեց, մանաւանդ նկատի ունենալով այն ծանր պայմանները, որուն մէջ այս վարչութիւնը կը ստանձնէր իր պարտականութիւնները։
Նկատելի եւ ուրախալի երեւոյթ էր պատգամաւորներու շարքին մեծ թիւով երիտասարդ Հ.Մ.-Ը.Մ.ականներուն ներկայութիւնը, որ յաւելեալ յոյս կը ներշնչէ միութեան յարատեւութեան ու հզօրացման։
Ներկաներուն յատուկ զեկոյց տրուեցաւ միութեան գումարները իւրացուցած Րաֆֆի Տօնապետեանին հետ կապուած դատական խնդրին կապակցութեամբ։
32րդ Շրջանային ժողովի յատուկ ուշադրութեան առարկաներէն մէկն էր միութեան սկաուտական եւ դաստիարակչական ծրագիրներուն կատարելագործումը, նկատի ունենալով, որ մարզական ու սկաուտական աշխատանքային երեսներուն կողքին Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար մեծ նշանակութիւն ունի դաստիարակչական բաժինը։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ Շրջանային վարչութեան նոր կազմը բաղկացած հետեւեալ Հ.Մ.-Ը.Մ.ականներէն. Վարուժան Ճինտոյեան, Հրաչ Մեսրոպեան, Վահէ Թանաշեան, Ռոպերթ Գալանթարի, Արա Մարկոսեան, Լեւոն Սահակեան եւ Երան Սիմոնեան։