Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 2 Նոյեմբերի առաւօտուն այցելեց «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի երկու համալիրները եւ վերամուտի առիթով իր օրհնութիւնները բաշխեց վարժարանի տնօրէնութեան, դաստիարակներուն, անձնակազմին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն։ Առաջնորդ սրբազանին կ՚ընկերանար Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։
Առաջնորդ սրբազանը առաջին հերթին այցելեց վարժարանին Էնսինոյի համալիրը, ուր դիմաւորուեցաւ տնօրէն Ժան Գոսաքեանի, ուսուցիչներու եւ 8րդ, 10րդ, 11րդ եւ 12րդ դասարաններու աշակերտներուն կողմէ։
Յաջորդաբար խօսք առին տնօրէնն ու առաջնորդ սրբազանը: Տնօրէնը ողջունեց առաջնորդ սրբազանին ներկայութիւնը եւ հրաւիրեց իր պատգամը տալու։
Քրիստոսի՝ անմիտ մեծահարուստին առակը իբրեւ նիւթ ընտրելով, առաջնորդ սրբազանը աշակերտները յորդորեց վարելու չափաւոր կեանք մը։ Ան յիշեցուց, որ Հոկտեմբերը հայ մշակոյթի ամիս էր, հետեւաբար՝ վեր առաւ մեր հոգեմտաւոր ժառանգութեանց հաւատարիմ մնալու հայ աշակերտին պարտականութիւնը, մաղթելով, որ ինչպէս մեր բոլոր վարժարաններուն, այնպէս այլ «Ֆերահեան» վարժարանի աշակերտները իրենց կեանքներուն անբաժանելի մէկ մասը ընեն մեր գիրը, պատմութիւնն ու իրաւունքները։
Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազանը ուղղուեցաւ վարժարանին Փարթինիայի համալիրը, ուր դիմաւորուեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն ու ուսուցչական կազմին կողմէ։ Այս հանդիպումին, առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին նիւթ ընտրած էր Ս. Գրային հրաշալի ձկնորսութեան դրուագը։ Դեռատի աշակերտներուն, մատչելի ձեւով, առաջնորդ սրբազանը յորդորեց սորվիլ ու հաւատարիմ մնալ հայութեան քրիստոնէական ու ազգային աւանդներուն։