«Համազգային» մշակութային եւ կրթական միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղի գրական յանձնախումբը մշակութային ամսուան առիթով կազմակերպած էր գիրքերու երկօրեայ վաճառք, որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 20 եւ 21 օրերուն, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Մշակութային գործին լծուած երիտասարդ ուժերու շնորհիւ վերջերս «Համազգային»ի այս մասնաճիւղը գաղութէն ներս յատուկ աշխուժութիւն մը կը դրսեւորէ, որուն շղթային մէկ օղակն էր մշակութային ամիսը նշելու վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը։ Երկու օրերու ընթացքին Նիւ Ճըրզիի հայ հասարակութեան հասանելի կը դառնային ոչ միայն գիրքեր, այլ նաեւ հայկական մշակոյթի տարբեր երեսները մարմնաւորող երաժշտական ձայնապնակներ, ձեռային յուշանուէրներ եւայլն։
Նախաձեռնութիւնը կ՚եզրափակուէր դասախօսական ձեռնարկով որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 21ին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին։
Շուրջ 60 հանդիսատեսներու ներկայութեան դասախօսեց յատուկ այս առիթով Պոսթընէն հրաւիրուած «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաժակ Մկրտիչեան։ Դասախօսութեան նիւթն էր «Արեւմտահայաստանի ճարտարապետական կոթողները եւ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը»։ Դասախօսը ցուցադրեց տեսաերիզ մը, ուր նմոյշներ կը ներկայացուէին Արեւմտահայաստանի ճարտարապետական կոթողներէն եւ ցոյց կը տրուէր, թէ ինչպէս անոնք զոհ գացած են թրքական բարբարոսութեան։ «Նահատակ ազգի նահատակուած կոթողներ» խորագիրը կրող այս տեսանիւթը ներկաներուն մտքին մէջ աւելի յստակ կը դարձնէր այն աւերները, զոր կրած էին Վարագայ վանքը, Մշոյ Ս. Կարապետը, Խծկոնքը եւ հայկական այլ կոթողները, որոնց միայն մէկ փոքր նմոյշն էր ցուցադրուածը։
Տեսանիւթի ցուցադրութենէն ետք Խաժակ Մկրտիչեան խօսեցաւ այդ աւերը կատարողներուն մասին, որոնք էին՝ թրքական աւերիչ քաղաքականութիւնը, գանձախոյզները եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած սեփականատիրոջ հոգատարութենէն զրկուած ըլլալու փաստը։ Ան ուշադրութիւն ուզեց հրաւիրել վերջերս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ որդեգրուած ձեւական նոր քաղաքականութեան վրայ, որ հայկական մէկ երկու կոթողներ նորոգելով՝ մէկ կողմէ կը փորձէ միջազգային հանրային կարծիքին եւ եւրոպական ատեաններուն դիմաց բարի կամքի պատրանք ստեղծել, իսկ միւս կողմէն՝ այդ կոթողներու վերանորոգութիւնը ծառայեցնել զբօսաշրջութեան աշխուժացման։ «Թուրքիա Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին վերանորոգեց, բայց զայն խաչէն զրկեց, մերժեց զայն Պատրիարքարանի խնամքին յանձնել որպէս գործող եկեղեցի եւ զայն յայտարարեց լոկ թանգարան։ Այսպիսով, հազարաւոր կոթողներ քանդած Թուրքիա կը փորձէ Արեւմտահայաստանի ճարտարապետական հսկայ հարստութիւնը փոքրացնել ու մէկ եկեղեցիի մը վերանորոգումը վերածել քարոզչական աղմուկի, երբ անոր վարչապետն ու բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ առիթ չեն փախցներ այդ վերանորոգումը վկայակոչել պատեհ ու անպատեհ բոլոր առիթներով։ Պատահական չէ, որ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգութենէն ետք բազմապատկուած են զբօսաշրջիկ այցելուներու թիւը։ Պատահական չէ, որ այս օրինակին տնտեսական արդիւնքները քաջալերած են այլ շրջաններու տեղական իշխանութիւններ, որպէսզի անոնք եւս մտածեն կոթող վերանորոգելու մասին», ըսաւ դասախօսը։
Վերոնշեալ հաստատումը դասախօսին կ՚առաջնորդէր վերջերս Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն կամ Հայաստանէն դէպի Արեւմտահայաստան կազմակերպուած շրջապտոյտներու երեւոյթի արծարծման։ Ըստ դասախօսին, այդ շրջապտոյտները աւելի կարգաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ, այնպիսի ձեւով մը, որ անոնք դառնան աւելի նպատակայարմար ու դաստիարակիչ, այլապէս՝ անոնք կը վերածուին լոկ Թուրքիոյ տնտեսութեան նպաստող անբովանդակ այցելութիւններու։
Խ. Մկրտիչեան հայկական կոթողներու նկատմամբ իրականացուած եւ դեռ շարունակուող աւերը, բռնի թրքացումը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն մինչեւ օրս շարունակուող ոտնակոխումը վկայակոչելով կը հաստատէր, թէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած ոճիրը ոչ միայն ֆիզիքական սպանդ էր, այլ ըստ էութեան ազգ մը, հայրենիք մը եւ մշակոյթ մը սրբելու ձգտող ազգասպանութիւն էր, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Ներկաներուն մօտ արթնցած մեծ հետաքրքրութեան ապացոյցն էր դասախօսութեան յաջորդող հարց ու պատասխանը, որ մտերմիկ զրոյցը կ՚առաջնորդէր Թուրքիոյ մէջ արդէն բոլորին համար այլեւս ծանօթ իսլամացած հայերու փաստին, ինչպէս նաեւ գործնական ընելիքներու շուրջ կարծիքներու փոխանակման։