ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Դատախազութենէն անհետացած է «Ղարաբաղ» կոմիտէի դէմ յարուցուած քանի մը տասնեակ հատորներէ բաղկացած քրէական գործը:
Գլխաւոր դատախազութեան մէջ քննութիւն կը կատարուի գործի անհետացման հանգամանքները պարզելու համար: Գործը յարուցուած էր 1988ին, որու հետեւանքով «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամները քանի մը ամիս բանտարկուեցան: